image

Սիսիանի մէջ ձնահիւսի տակ մնացած զինծառայողը մահացած է

Սիսիանի մէջ ձնահիւսի տակ մնացած զինծառայողը մահացած է

Սիսիանի մէջ, 5 դեկտեմբերին, ձնահիւսի տակ մնացած չորս պայմանագրային զինծառայողներէն մէկը գտած է մահացած: Այս մասին ըսած է ՀՀ ՊՆ տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան պետ Գէորգ Ալթունեան:

«Ցաւօք, զինծառայողը մահացած գտած են»,- ըսած է Ալթունեան:

Ան նշած է, որ մահացածը պայմանագրային զինծառայող, աւագ սպայ Հայկ Քարամեանն է:

Նշենք, որ ձնահիւսի տակ մնացած չորս պայմանագրային զինծառայողներէն երեքը գտնուած էին, մէկի որոնողական աշխատանքները կը շարունակուէր:

Յայտնաբերուած զինծառայողներուն առողջական վիճակը կը գնահատուի բնական: