image

Նախագահ Սարգսեան 6 միլիոն դրամ նուիրած է` Գիւմրիի մէջ ընկերային ծրագիրները ընդլայնելու նպատակ

Նախագահ Սարգսեան 6 միլիոն դրամ նուիրած է` Գիւմրիի մէջ ընկերային ծրագիրները ընդլայնելու նպատակ

Աշխատանքային այցով Գիւմրի գտնուող նախագահ Արմէն Սարգսեան 5 Դեկտեմբերին այցելած է Հայաստանի կոյրերու միաւորման Գիւմրիի ուսումնաարտադրական ձեռնարկութիւն, որ բնական հումքով իւղաներկեր եւ ներկանիւթեր կ՛արտադրէ:

Նախագահը զրուցած է կոյրերու միաւորման անդամներու եւ ներկերու արտադրութեան մէջ աշխատողներու հետ, ծանօթացած ներկերու արտադրութեան արհեստագիտութեան, գործունէութիւնը ընդլայնելու ծրագիրներուն: Անիկա նաեւ ընկերային նշանակութեան ծրագիր է, քանի որ ատոր արդիւնքով կը ստեղծուին նոր աշխատատեղեր` հիմնականօրէն հաշմանդամներու համար: Հանրապետութեան նախագահը 6,000,000  դրամ նուիրած է` ծրագիրները ընդլայնելու համար:

Կոյրերու միաւորման անդամները իրենց արտադրած ներկերով ստեղծած իւղանկար նուիրած են Արմէն Սարգսեանին: Հանրապետութեան նախագահը ըսած է, որ նկարը իր պատուաւոր տեղը պիտի ունենայ նախագահական նստավայրին մէջ: