image

ՀԱՊԿ ապագայ գլխաւոր քարտուղարը Ատրպէյճանին Պելառուսական «Փոլոնեզներու» վաճառքի կնքահայրն է

ՀԱՊԿ ապագայ գլխաւոր քարտուղարը Ատրպէյճանին Պելառուսական «Փոլոնեզներու» վաճառքի կնքահայրն է

8 Նոյեմբերին Ասթանայի մէջ տեղի ունեցած ՀԱՊԿ-ի գագաթնաժողովի անդամ պետութիւններու ղեկավարները մերժեցին 2020թ. Մայիսի ՀՀ ներկայացուցիչին գլխաւոր քարտուղար նշանակելու հայկական կողմի առաջարկը՝ նշելով,որ Երեւանը ետ կը կանչած է իր պաշտօնեային, հետեւաբար պէտք է այբբենական հերթականութեամբ գլխաւոր քարտուղարի պաշտօնը յանձնել Պելառուսի ներկայացուցիչին: Այս մասին յայտարարծ է երէկ Խազախստանի նախագահ՝ Նուրսուլթան Նազարպաեւը, ըսելով, թէ Դեկտեմբերին ՀԱՊԿ անդամ պետութիւններու ղեկավարները պիտի հանդիպին Սան Փեթերսպուրկի մէջ եւ վերջնականապէս պիտի ընտրեն նոր գլխաւոր քարտուղարը՝ այսինքն Պելառուսի ներկայացուցիչը:

Պելառուսը, որպէս թեկնածու, ներկայացուցած է այդ երկրի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Ստանիսլաւ Զասը:

Այդ տարբերակը հաւանութիւն ստացած է Ռուսաստանի, Ղրղզստանի կողմէն, սակայն առաւել ոգեւորութիւն առաջացուցած է Ղազաղստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպաեւի մօտ:

Ո՞վ է Ստանիսլաւ Զասը._

Ծնած է 1964թ. Ուքրանիոյ մէջ: 1985-ին աւարտած է Ատրպէյճանի համազօրային ռազմական ուսումնարանը, ապա մօտ տասը տարի, այդ շարքին  ԽՍՀՄ-ի փլուզումէն ետք, ապած է Ատպէյճանի մէջ: Ռազմական գիտութիւններու թեկնածու Զօրավար Ստանիսլաւ Զասը 2008թ. Նշանակուած է Պելառուսի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի Քարտուղարի տեղեկալի պաշտօնին, իսկ 2015-ի 1 Յուլիսին՝ գլխաւոր քարտուղար:

Գործունէութեան ընթացքին Զասը երբեք թաքուն չէ պահած իր դրական վերաբերմունքը արեւմտեան ռազմական կառոյցներու, այդ շարքին ՆԱԹՕ_ի նկատմամբ՝ որ համարած էր միակ կենսունակ կազմակերպութիւնը ահաբեկչական պայքարին դէմ:

Հայասատանի համար առաւել կարեւոր է այն հանգամանքը, որ Ստանիսլաւ Զասը Պելառուսի եւ Ատրպէյճանի սերտ գործակցութեան ամենաաշխոյժ գործիչներէն է: Ապացոյցներէն մէկը այն է, որ 2018 թ. 1 Մարտին Պելառուսի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար՝ Ստանիսլաւ Զասը Մինսքի մէջ հանդիպած է Ատրպէյճանի նախագահի ռազմական հարցերու օգնական՝ Ֆուատ Ալեսկերովի հետ եւ քննարկած են միջպետական ռազմական գործակցութեան հարցերը, նշելով, որ Մինսքն ու Պաքուն ունին ոչ միայն տնտեսական ու քաղաքական աշխոյժ կապեր, այլեւ ռազմական գործակցութեան մեծ կարողականութիւն:

 

Այդ հանդիպումէն մէկ ամիս անց ռուսական «Քոմերսանթ» պարբերականը յայտնած է, որ Ատրպէյճանը Պելառուսի հետ կնքած է պելառուսական արտադրութեան «Փոլոնէզ» համազարկային կրակի համակարգի մատակարարման վերաբերեալ արտահանման առաջին պայմանագիրը:

11 Յունիս 2018-ին Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան հրթիռային զօրքերու զօրամասի բացման ժամանակ պելառուսական «Փոլոնէզներ»-ն արդէն Ադրբեջան էին եւ ներկայացուեցան նախագահ Իլհամ Ալիեւին:

Պարզ կը դառանայ, որ ՀԱՊԿ, այդ շարքին նաեւ Հայաստանի անվտանգութեան ապահովման համար ստեղծուած ռազմական կառոյցի ղեկավար պիտի դառնայ անձ մը, որուն շնորհիւ համազարկային կրակի համակարգեր վաճառուած են Հայաստանի նկատմամբ թշնամաբար տրամադրուած երկրի՝ այդ զէնքը նախ եւ առաջ Հայաստանի դէմ կիրառելու համար:



Լուրը՝ «shantnews.am» կայքէն