image

Գորիսի մէջ եղած արկածին հետեւանքով զոհուած զինուորներէն երկուքը Երեւանէն էին

Գորիսի մէջ եղած արկածին հետեւանքով   զոհուած զինուորներէն երկուքը  Երեւանէն էին

Որոտան-Խնձորեսք ճանապարհին տեղի ունեցած ողբերգական վթարի հետեւանքով զոհուած չորս զինծառայողներէն երկուքը Երեւանէն էին: Շարքային Հրանդ Գասպարեանը Մալաթիայէն էր, իսկ Հայրապետ Նարինեանը՝ Նոր Արեշէն: Անոնք երկուքն ալ հասակակիցներ էին՝ 20 տարեկան եւ ձմրան պէտք է զօրացրուէին:

Յիշեցնենք, որ 7 նոյեմբերին ժամը 13.00-ին, N զօրամասի հաշուեկշռին մէջ գտնուող «Կամազ» մակնիշի մեքենան, Որոտան-Խնձորեսք ճանապարհի 5-րդ քմ հատուածին դուրս եկած էր ճանապարհի երթեւեկելի մասէն եւ գլորուած ձորը, ինչի հետեւանքով մեքենայի վարորդ, պարտադիր ժամկէտային զինծառայող, շարքային Էտկար Արմէնի Յունանեանը եւ մեքենայի թափքին մէջ գտնուող պարտադիր ժամկէտային զինծառայողներ, շարքայիններ Հայրապետ Վոլոտիայի Նայիրեանը, Հրանդ Արայի Գասպարեանը եւ Դաւիթ Բենիամինի Մելքոնեանը ստացած մարմնական վնասվածքներէն մահացած են:

Նշենք, որ վթարի պահուն բեռնատարին մէջ եղած է 21 զինծառայող, որմէ 19-ը՝ թափքի մէջ:

Դէպքի կապակցութեամբ ՀՀ քննչական կոմիտէի ԶՔԳՎ 9-րդ կայազօրային քննչական բաժնին մէջ՝ ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 377-րդ յօդուածի 3-րդ մասի յատկանիշներով։

 

Լուրը՝ «News.am»էն

 

Հրանտ Գասպարեան

 

 

 

Հայրապետ Նարինեան