image

Հայաստանը ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարի պաշտօնին պիտի առաջադրէ Վաղարշակ Յարութիւնեանի թեկնածութիւնը

Հայաստանը ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարի պաշտօնին պիտի առաջադրէ Վաղարշակ Յարութիւնեանի թեկնածութիւնը

Հայաստանի Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) գլխաւոր քարտուղարի թափուր պաշտօնին համար պիտի առաջադրէ պաշտպանութեան նախկին նախարար՝ Վաղարշակ Յարութիւնեանի թեկնածութիւնը: Այս մասին անդրադարձած է «Արմէնբրես» կայքըխ

Աղբիւրը նաեւ յայտնած է, թէ «քաղաքական որոշումը այս հարցին շուրջ գոյացած է՝ նկատի առնելով, որ Հայաստանը ՀԱՊԿ-ի ղեկավարութիւնը պէտք է ստանձնէ մինչեւ 2020 թուականը»:

Նշենք, որ Եուրի Խաչատուրովը ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարի պաշտօնը թողած է 2 Նոյեմբերին: Այժմ ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարի պարտականութիւններու գործադրումը յանձն առած է կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղարի փոխանորդ՝ Վալերի Սեմերիքովը: