image
Հրատապ լուրեր:

Նոր թղթադրամները շրջանառութեան մէջ պիտի մտնեն նոյեմբերի վերջը. հիները եւս կ'օգտագործուին

Նոր թղթադրամները շրջանառութեան մէջ պիտի մտնեն նոյեմբերի վերջը. հիները եւս կ'օգտագործուին

Հայկական նոր թղթադրամները շրջանառութեան մէջ պիտի դրուին 2018 թուականի նոյեմբեր ամսուան վերջը: Այս մասին PanARMENIAN.Net -ի հետ զրոյցի ժամանակ յայտնած է ՀՀ Կեդրոնական դրամատան մամլոյ խօսնակ Յարութիւն Կբեյեանը՝ միեւնոյն ժամանակ ընդգծելով, որ հին թղթադրամները պիտի շարունակեն մնալ շրջանառութեան մէջ:

Ըստ Կբեյեանի, թղթադրամներու՝ պաշտօնապէս շրջանառութեան մէջ դրուելու օրը պիտի յստակեցուի Կեդրոնական դրամատամ յառաջիկայ խորհուրդի նիստերէն մէկուն ընթացքին:

2017 թուականի նոյեմբերին ՀՀ Կեդրոնական դրամատունը ներկայացուցած է շրջանառութեան մէջ ներդրուելիք երրորդ սերունդի թղթադրամներու էսքիզները։

Նոր 1000-դրամանոցը նուիրուած պիտի ըլլայ Պարոյր Սեւակին: 2000-դրամանոցը՝ ճատրակի վարպետ Տիգրան Պետրոսեանին: 5000-դրամանոցը՝ Ուիլիամ Սարոյեանին, 10,000-դրամանոցը՝ Կոմիտասին, 20,000-դրամանոցը՝ Յովհաննէս Այվազովսկիին, 50,000-դրամանոցը՝ Գրիգոր Լուսաւորիչին: 100,000-դրամանոցներ այլեւս պիտի չթողարկուին: