image
Հրատապ լուրեր:

Տիգրան Աւինեան զարմանալի կը համարէ վիճայարոյց նախագիծին «Ծառուկեան Դաշինք» եւ ՀՅԴ խմբակցութիւններուն կողմ Քուէարկելը

Տիգրան Աւինեան զարմանալի կը համարէ վիճայարոյց նախագիծին «Ծառուկեան Դաշինք» եւ ՀՅԴ խմբակցութիւններուն կողմ Քուէարկելը

ՀՀ փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեան զարմանալի կը համարէ Ազգային ժողովի կանոնակարգ օրէնքին «Ծառուկեան դաշինք» եւ ՀՅԴ խմբակցութիւններուն կողմէ կողմ քուէարկելը: «Որոշակի խուճապ կ՝արձանագրուի Հանրապետական կուսակցութեան շարքերուն մէջ եւ ինծի համար շատ զարմանալի էր, որ այդ շարքերուն միացած են նաեւ «Ծառուկեան դաշինք» խմբակցութեան եւ ՀՅԴ անդամները: Ես որեւէ խնդիր չեմ տեսներ եւ կը կարծեմ՝ նոյնիսկ այս խուճապը չի կրնար որեւէ կերպ Ազգային ժողովի օրինականութիւնը աւելցնել: ԱԺ արտահերթ ընտրութիւնները անխուսեփելի են եւ անոնք տեղի պիտի ունենան այս տարի»,- ըստ Armenpress.am-ի՝ այս մասին Աւինեանը ըսած է քիչ առաջ Բաղրամեան պողոտայի վրայ լրագրողներու հետ զրոյցին ընթացքին:

Միաժամանակ, փոխվարչապետը չէ պատասխանած այն հարցին, թէ արդեօք պաշտօնանկութիւններ կը սպասուին կառավարութեան կազմէն ներս:

Նշենք, որ նախագիծին կողմ քուէարկած է ԱԺ 67 պատգամաւոր՝ Հանրապետական, «Ծառուկեան դաշինք» եւ ՀՅԴ խմբակցութիւններէն: