Հայաստանի շրջաններու զգալի մասին մէջ այսօր երեկոյան անձրեւ պիտի տեղայ։ Այս մասին կը յայտնէ «Հիտրոմետ» ծառայութիւնը։
Հաղորդագրութեան համաձայն` անձրեւին կը գումարուի ամպրոպը, իսկ ամպրոպի ժամանակ քամիի ուժգնութիւնը կրնայ հասնիլ 15-20 մ/վ-ի։
Հանրապետութեան տարածքին տեղումներ կը գրանցուին նաեւ յառաջիկայ օրերուն, եւ միայն 21-22 սեպտեմբերին անձրեւ պիտի չտեղայ։
Օդի ջերմաստիճանը 18-19 սեպտեմբերին աստիճանաբար պիտի նուազի 3-4 աստիճանով:
Երեւանի մէջ նոյնպէս այսօր մեծ է թրջուելու վտանգը։ 18 Սեպտեմբերին կը սպասուի անձրեւ եւ ամպրոպ, ամպրոպի ժամանակ՝ քամիի ուժգնացում՝ 15-20 մ/վ: Մայրաքաղաքի մէջ տեղումներ պիտի չըլլան 20-22-ն ինկած ժամանակահատուածին։
Այսօր մայրաքաղաքի մէջ օդի ջերմաստիճանը ցերեկային ժամերուն պիտի հասնի 29-31, գիշերային ժամերուն` 13-15 աստիճանի։