image
Հրատապ լուրեր:

Վարչապետ Փաշինեան երախտագիտութեան մետալով պարգեւատրած է ֆութպոլիստ Եուրի Ճորքայէֆը

Վարչապետ Փաշինեան երախտագիտութեան մետալով պարգեւատրած է ֆութպոլիստ Եուրի Ճորքայէֆը

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Ֆրանսա կատարած աշխատանքային այցի ծիրէն ներս  Փարիզի «Երեւան» պուրակին մէջ ծաղկեպսակ դրած է կոմիտասի յուշարձանին` յարգանքի տուրք մատուցելով Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:

Այնուհետեւ Փաշինեան ընթրիք ունեցած է ֆրանսայի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ, որոնց շարքին եղած են հայ քաղաքական գործիչներ, գործարարներ, մշակոյթի ու այլ ոլորտի ներկայացուցիչներ։

Ընթրիքի աւարտին վարչապետ Փաշինեան ֆութպոլիստ Եուրի Ճորքայէֆը ՀՀ անկախութեան տօնի առթիւ պարգեւատրած է երախտագիտութեան մետալով: Ճորքայէֆ նշած է, որ իրեն համար մեծ պատիւ է արժանանալ նման պարգեւի եւ աւելցուցած, որ անիկա պիտի կրէ պատուով ու հպարտութեամբ: «Հպարտ եմ ըլլալով Հայաստանի ներկայացուցիչներէն մէկը»,- ըսած է ֆութպոլիստը: