image

Նախարար Հայրապետեան ընդունեց Սուրիոյ դեսպան Մուհամմէտ Ահմէտ Հաճ Իպրահիմը

Նախարար Հայրապետեան ընդունեց Սուրիոյ դեսպան Մուհամմէտ Ահմէտ Հաճ Իպրահիմը

1 Սեպտեմբերին սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան ընդունեց Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ  Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մուհամմէտ Ահմէտ Հաճ Իպրահիմը:

Ողջունելով դեսպանը` նախարար Մխիթար Հայրապետեան ըսաւ, որ Սուրիա Հայաստանի Հանրապետութեան բարեկամ երկիրն է, եւ ատիկա պատմութեան ողջ ընթացքին ապացուցուած է: «Մենք մշտապէս կը յիշենք այն մեծագոյն աջակցութիւնը, որ Ձեր երկիրը ցուցաբերած է մեր ժողովուրդի ամենածանր շրջանին: Սուրիոյ հայ արմատներով քաղաքացիները ունին երկու տուն` Հայաստանը եւ Սուրիան, եւ ուր ալ մեր հայրենակիցները նախընտրեն ապրիլ, արարել, աշխատիլ, մենք` որպէս Սփիւռքի Նախարարութիւն, պիտի աջակցինք անոնց», աւելցուց սփիւռքի նախարարը՝դիտել տալով, որ նախարարութիւնը սուրիահայերու հետ աշխատելու ուղղութիւն սահմանած է, եւ կողմերը մէկ սեղանի շուրջ հաւաքելու, ընդհանուր օրակարգ ձեւաւորելու յաջող փորձ ունի: Նախարարը կարեւոր համարեց նաեւ սուրիահայ համայնքի միասնականութիւնն ու համայնքի հետ համակարգուած աշխատանքը:

«Այն, ինչ տեղի կ՛ունենայ Սուրիոյ մէջ, ցաւ կը պատճառէ նաեւ մեզ, եւ մենք կ՛աղօթենք Սուրիոյ ժողովուրդին խաղաղ կեցութեան համար», ըսաւ Մխիթար Հայրապետեան:

Իր կարգին, Մուհամմէտ Ահմէտ Հաճ Իպրահիմ, շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար, իր երախտագիտութիւնը յայտնելով Հայաստանի կողմէ Սուրիոյ ժողովուրդին ցուցաբերուած աջակցութեան համար: «Մենք սուրիահայերը կը համարենք Սուրիոյ հասարակութեան անքակտելի մասը: Միեւնոյն ժամանակ բարձրօրէն  կը գնահատենք  հայաստանեան կեանքին սուրիահայերու ընդելուզման ուղղուած Հայաստանի Սփիւռքի Նախարարութեան եւ շարք մը միջազգային կառոյցներու ջանքերը», յայտնեց դեսպանը ու շեշտեց, որ Սուրիոյ խաղաղութեան հաստատումէն ետք, շատեր կը վերադառնան իրենց ծննդավայր, եւ  ասիկա կարեւոր է նաեւ մշակութային բազմազանութեամբ  յատկանշուող Մերձաւոր Արեւելքին համար:

Սուրիոյ դեսպանը կարեւոր համարեց նաեւ նահանգային խորհուրդի ձեւաւորման անհրաժեշտութիւնը, որուն կազմին մէջ  առաւելաբար պիտի ընդգրկուին երիտասարդներ: Դեսպանը ակնկալեց նախարարութեան աջակցութիւնը Հայաստանի մէջ հաստատուած սուրիահայերուն յստակ թիւը պարզելու եւ արձանագրելու գործին:

Հանդիպումի աւարտին սփիւռքի նախարարը համագործակցութեան իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց: