image

Փաշինեան-Փութին հանդիպումը՝ Շաբաթ 8 Սեպտեմբերին

Փաշինեան-Փութին հանդիպումը՝ Շաբաթ 8 Սեպտեմբերին

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հանդիպում պիտի ունենան շաբաթ, 8 սեպտեմբերին, Մոսկուայի մէջ, որուն ընթացքին տեղի պիտի ունենան բարձր մակարդակի բանակցութիւններ, յայտարարեց Ռուսիոյ նախագահին բանբեր Տմիթրի Փեսքով:

Այս հանդիպումը պիտի ըլլայ Փաշինեանի երրորդ այցելութիւնը Ռուսիա: Նախապէս, ան Փութինի հետ հանդիպած էր 14 մայիսին Սոչիի մէջ՝ Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ երկիրներու ղեկավարներու վեհաժողովին, ապա 13 յունիսին՝ Մոսկուայի մէջ, ֆութպոլի Աշխարհի ախոյեանութեան բացման հանդիսութեան առիթով: