image

Տաւուշի մէջ մեկնարկեց 9 կազմակերպութիւններու համագործակցութեան նոր ծրագիրը

Տաւուշի մէջ մեկնարկեց 9 կազմակերպութիւններու համագործակցութեան նոր ծրագիրը

12 յունիսի 2018-ին Տաւուշի մարզ այցելութեամբ մեկնարկեց 9 կազմակերպութիւններու՝ գիւղական համայքներուն աջակցելու երկրորդ նախաձեռնութիւնը:

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը, Շէն բարեգործական հասարակական կազմակերպութիւնը, Հայ օգնութեան ֆոնտը, Ուըրլտ Վիժնը, Հայաստանի մանուկներ հիմնադրամը, Զարգացման սկզբունքները, Դասաւանդի՛ր, Հայաստանը, Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհրդի հայաստանեան միջեկեղեցական բարեգործական Կլոր սեղան հիմնադրամը, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը եւ Հայկական Քարիթասն այս անգամ Տաւուշի մարզի մէջ կը սկսին սահմանամերձ գիւղական համայնքի ընտրութեան եւ միասնական ուժերով այն բարեփոխելու երկրորդ ծրագիրը:

Այս նպատակով նշուած կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները այցելեցին Տաւուշի մարզի Նորաշէն, Նաւուր եւ Այգեպար համայնքները, որոնք նախնական ընտրուած են՝ յատուկ չափորոշիչներու հիման վրայ: Այցելութեան ընթացքին հանդիպումներ տեղի ունեցան համայնքներու բնակիչներու, վարչական ղեկավարներու, կրթական, մշակութային, առողջապահական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներու հետ, ինչպէս նաեւ կազմակերպութիւնները շրջայց կատարեցին եւ ծանօթացան այդ հաստատութիւններու ընդհանուր վիճակին եւ գիւղի այլ կարիքներուն:

Համայնքի վերջնական ընտրութիւնը պիտի կատարուի յառաջիկայ ամիսներու ընթացքին: