image

Մեկնարկած է «ՆերՈւժ» ծրագիրը. Սփիւռքի նախարարութիւն

Մեկնարկած է «ՆերՈւժ» ծրագիրը. Սփիւռքի նախարարութիւն

Սփիւռքի նախարարութիւնը FAST եւ IDEA հիմնադրամների, Դիլիճանի միջազգային դպրոցի (UWC) եւ Impact Hub Yerevan-ի հետ համատեղ կը մեկնարկէ «ներՈւԺ» ծրագիրը: Այս մասին ՀՀ սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանը գրած է իր ֆէյսբուքեան էջին:

«Եթէ դուն սփիւռքի մէջ բնակող 18-35 տարեկան հայ երիտասարդ ես, ունիս պիզնես գաղափար, ապա մասնակցի՛ր «ներՈւԺ» ծրագրին, յաղթէ՛ եւ ստացի՛ր մինչեւ 15 միլիոն դրամ աջակցութիւն՝ Հայաստանի մէջ իրականացնելու քու սթարթափ ծրագիրը»,- նշուած է յայտարարութեան մէջ:

Ծրագրի վերաբերեալ մանրամասներուն ծանօթանալու, ինչպէս նաեւ մասնակցելու համար այցելել ծրագրի պաշտօնական կայքը՝  http://neruzh.am/: