image
Հրատապ լուրեր:

«Հանրապետական»ը պիտի չմասնակցի քաղաքապետարանի վաղուայ նիստին

«Հանրապետական»ը պիտի չմասնակցի քաղաքապետարանի վաղուայ նիստին

Երեւանի աւագանիի ՀՀԿ խմբակցութիւնը 16 յուլիսին կայանալիք Երեւանի քաղաքապետի ընտրութիւններուն պիտի չառաջադրէ թեկնածու եւ պիտի չմասնակցի Երեւանի աւագանիի համապատասխան նիստին։ Այս մասին գրուած է խմբակցութեան ֆէյսպուքի էջի վրայ.

 

«Հաշուի առնելով երկրում ստեղծուած նոր իրողութիւնը, Երեւանի աւագանու «Հանրապետական կուսակցութիւն» խմբակցութիւնը 16 յուլիսին կայանալիք Երեւանի քաղաքապետի ընտրութիւններուն պիտի չառաջադրէ թեկնածու եւ պիտի չմասնակցի Երեւանի աւագանիի համապատասխան նիստին։

 

Խորապէս համոզուած ենք, որ, ստեղծուած իրավիճակում Երեւան քաղաքի յետագայ բնականոն եւ շարունակական զարգացումը ապահովելու նպատակով, նոր քաղաքապետին եւ աւագանու անդամներին պէտք է ընտրեն մայրաքաղաքի բնակիչները»:

 

ԵԼՔ խմբակցութիւնը եւս յայտարարած էր, որ պիտի չմասնակցի աւագանիի 16 յուլիսի նիստին։