image

Երեւանի քաղաքապետի արտահերթ ընտրութիւնը պիտի իրականացուի 16 յուլիսին

Երեւանի քաղաքապետի արտահերթ ընտրութիւնը պիտի իրականացուի 16 յուլիսին

Երեւանի աւագանին ձայներու 35 կողմ, 11 դէմ, 1 ձեռնպահ յարաբերակցութեամբ ընդունեց 16 յուլիսին քաղաքապետի արտահերթ ընտրութեան օրը նշանակելու որոշումը։

Իսկ քաղաքապետի ընտրութիւնը 8 օգոստոսին իրականացանելու «Ելք» խմբակցութեան առաջարկը մերժուեցաւ 34 դէմ, 15 կողմ, 1 ձեռնպահ ձայներով։

Յիշեցնենք, որ Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան 9 յուլիսին հրաժարական տուած էր։ 

Ըստ Երեւանի մասին օրէնքի՝ քաղաքապետի պաշտօնը թափուր մնալէ ետք երրորդ աշխատանքային օրը օրէնքի ուժով կը կատարուի աւագանիի նիստ եւ կ'որոշուի քաղաքապետի արտահերթ ընտրութեան օրը։ Արտահերթ ընտրութիւններու ժամանակ քաղաքապետի թեկնածուներ առաջադրելու իրաւունք ունին աւագանիի խմբակցութիւնները: