image
Հրատապ լուրեր:

Վարչապետ Փաշինեանի որդին բանակային ծառայութեան կը մեկնի

Վարչապետ Փաշինեանի որդին բանակային ծառայութեան կը մեկնի

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի որդին՝ Աշոտ Փաշինեանն այսօր պիտի մեկնի զինուորական ծառայութեան: Հաւաքակայանէն ներս անոր հետ են Աշոտի մայրը՝ Աննա Յակոբեանը, մօրեղբայրը՝ պատգամաւոր Հրաչեայ Յակոբեանը, հօրեղբայրը՝ Արտակ Փաշինեանը:


Յիշեցնենք, որ Աշոտ Փաշինեանն աւելի վաղ յայտնած էր, ապա դիմում ներկայացուցած էր՝ Արցախի մէջ ծառայութեան անցնելու համար:


«Որոշել եմ ինքնակամ դիմում գրել ու ծառայութիւնս անցնել Արցախի Հանրապետութիւնում։ Միշտ եղել եմ այն կարծիքին, որ այս պահին արցախեան հակամարտութիւնում խաղաղութիւն հաստատելը հայկական կողմի ձեռքերում է, դրա միակ արժանապատիւ ու արդիւնաւէտ ճանապարհը հայկական բանակի, արցախեան բանակի հզօրացումն է»,- ըսած էր Աշոտ Փաշինեանը։

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ժամանած է Կեդրոնական հաւաքակայան, ուր նորակոչիկները բանակ կը զօրակոչուին: 

Լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ հարցին, թէ ի՞նչ զգացողութեամբ որդիին բանակ կը ճանապարհէ, Նիկոլ Փաշինեանը նշած է՝ «հպարտութեամբ»: Դիտարկման, թէ անցեալին որեւէ պաշտօնեայի որդի բանակ չէր երթար, Փաշինեանը չէ համաձայնած. «Չէի ասի, որ նախկինում ոչ մի պաշտօնեայի որդու բանակ չեն տարել: Յամենայն դէպս, մենք այդ ինֆորմացիայի ստուգման փուլում ենք, կը տեսնենք, չեմ ուզում այս պահին որեւէ պաշտօնական պնդում անել»,-ըսած է ան:  

Անդրադառնալով այն հարցին, որ որդին ինքնակամ կ'երթայ Արցախ՝ ծառայութեան, արդեօք իրեն չի մտահոգե՞ր այդ հանգամանքը, Նիկոլ Փաշինեանը պատասխանած է. «Ոչ աւել, քան մեր բանակի միւս զինուորների հետ ունեցած մտահոգութիւնը, դրանից ոչ աւել, ոչ պակաս եւ այդ առումով ես ի պաշտօնէ իրաւունք չունեմ իմ որդու մասին աւելի հոգ տանել, քան միւս զինուորների»,-ըսած է ան:

Ի՞նչ խորհուրդ տուած է որդիին բանակ ճանապարհելու ժամանակ, որուն որդին պատասխանած է՝ խիստ անձնական է, Նիկոլ Փաշինեանն ըսած է, որ նոյնը նաեւ իր համար է՝ խիստ անձնական: