image
Հրատապ լուրեր:

Նիկոլ Փաշինեանն Ալեքսիս Օհանեանի հետ քննարկած է ՏՏ ոլորտի մէջ համագործակցութեան վերաբերող հարցեր

Նիկոլ Փաշինեանն Ալեքսիս Օհանեանի հետ քննարկած է ՏՏ ոլորտի մէջ համագործակցութեան վերաբերող հարցեր

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ընդունած է Reddit ընկերային ցանցի համահիմնադիր Ալեքսիս Օհանեանին:

Վարչապետը ողջունած է Օհանեանի այցը Հայաստան եւ նշած, որ ուրախ է անոր ու սփիւռքահայ մեր միւս հայրենակիցներու արձանագրած իւրաքանչիւր յաջողութեան համար:

Նիկոլ Փաշինեանը կարեւորած է հայութեան ներուժի իրացումը՝ ի նպաստ Հայաստանի զարգացման ու բարօրութեան:

Ալեքսիս Օհանեանը ներկայացուցած է իր տպաւորութիւնները հայրենիքի մասին եւ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած նոր կառավարութեան մաղթած արդիւնաւէտ աշխատանք ու յաջողութիւններ:

Նշելով, որ սա իր 6-րդ այցն է հայրենիք՝ Օհանեանը աւելցուցած է, որ ուրախ կ'ըլլայ նպաստել Հայաստանի մէջ տեղեկատուական թեխնոլոկիաներու զարգացման:

Զրուցակիցները քննարկած են ՏՏ ոլորտի մէջ համագործակցութեան եւ Ալեքսիս Օհանեանի կողմէն Հայաստանի մէջ գործունէութիւն ծաւալելու հնարաւորութիւններուն վերաբերող հարցեր: