image

Տիկին Թանդիլեանի հետ որոշած ենք շարունակել համատեղ աշխատանքը. Վարչապետը մերժած է Մանէ Թանդիլեանի հրաժարականը

Տիկին Թանդիլեանի հետ որոշած ենք շարունակել համատեղ աշխատանքը. Վարչապետը մերժած է Մանէ Թանդիլեանի հրաժարականը

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ՀՀ աշխատանքի եւ հասարակական հարցերու նախարար Մանէ Թանդիլեանի հրաժարականին դիմումը չէ ընդունած: Այդ մասին կառավարութեան նիստին յայտարարեց ՀՀ վարչապետը: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։

«Տիկին Թանդիլեանի հետ որոշած ենք, որ պէտք է շարունակենք համատեղ աշխատանքը, ներառեալ՝ կուտակային կենսաթոշակային համակարգի շուրջ քննարկումները շարունակելու նպատակով»,- ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան՝ աւելացնելով, որ պէտք է աշխատիլ զայն աւելի ընդունելի եւ յուսալի դարձնելու համար: «Համակարգը լրջագոյն բարելաւման կարիք ունի եւ տիկին Թանդիլեանի, Տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու եւ Արդարադատութեան նախարարու հետ համաձայնած ենք աշխատիլ, որպէսզի երկու ամսուան ընթացքում ունենանք յստակ նախագիծ:

Իր հերթին, Մանէ Թանդիլեան ըսաւ, որ իր հրաժարականին պատճառը կապուած եղած է նաեւ համակարգի սկզբունքներուն հետ: «Պատրաստ ենք կարճ ժամանակի ընթացքին լրամշակելու համակարգին վերաբերեալ նախագիծը եւ ներկայացնելու հանրութեան՝ նաեւ ընդհանուր քննարկումներ իրականացնելու նպատակով»,- ըսաւ Թանդիլեան՝ աւելցնելով, որ նախագիծը աշնան պէտք է ներկայացուի Ազգային ժողով՝ օրէնքը 2019 Յունուար 1-էն լիարժէք կիրառելու նպատակով: