image

Հայաստանից արտագաղթի հազարամեայ անիւը պէտք է կանգ առնի եւ յետ պտտուի. Նիկոլ Փաշինեան

Հայաստանից արտագաղթի հազարամեայ անիւը պէտք է կանգ առնի եւ յետ պտտուի. Նիկոլ Փաշինեան

Այսօր «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի եւ տեղական մարմիններու 27-րդ համատեղ նիստին մասնակցած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ կառավարութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն։

Վարչապետը իր ելոյթին մէջ, մասնաւորապէս, նշած է.

«Վեհափառ Տէր,

Հայաստանի Հանրապետութեան մեծարգոյ նախագահ,

Արցախի Հանրապետութեան մեծարգոյ նախագահ,

Տիկնայք եւ պարոնայք,

Ուրախ եմ այս հնարաւորութեան համար եւ ուրախ եմ, որ ձեզ կը տեսնեմ Երեւան մայրաքաղաքի մէջ: «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը ստեղծման օրէն նեցուկ դարձաւ Հայաստանի նորաստեղծ Հանրապետութեան: Մեր անկախացման առաջին տարիներուն անոր դերակատարումը իսկապէս շատ մեծ էր: Յետագայ տարիներուն հիմնադրամի դերակատարումը նոյնպէս շատ մեծ էր, որովհետեւ, կը կարծեմ՝ «Հայաստան» համահայկական հիմադրամը դարձաւ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութեան նկատմամբ Սփիւռքի վստահութեան ցուցիչ: Հիմնադրամի գործունէութիւնը վերլուծելով՝ կարելի է շատ լուրջ ազդակներ ստանալ, թէ ինչ ընթացք տեղի կ՝ունենայ Սփիւռքի մէջ, ինչ մտահոգութիւններ ի յայտ կու գան եւ այդ մտահոգութիւններուն ինչպիսի լուծումներ կրնան ըլլալ: Քաղաքական գործընթացները, որոնք տեղի ունեցան Հայաստանի մէջ Ապրիլ-Մայիս ամիսներուն, անշուշտ, համազգային համախմբման նոր ազդակ դարձած են, եւ մենք ամէն ինչ պէտք է ընենք եւ վստահաբար պիտի ընենք՝ այդ համախմբման ազդակը յստակ քաղաքական արդիւնքի, մշտական քաղաքական գործօնի վերածելու համար: ՀՀ կառավարութեան առաջնահերթութիւնները մենք արդէն յայտարարած ենք: Այդ առաջնահերթութիւններէն կարեւորագոյնը ՀՀ քաղաքացիներու եւ հայ ժողովուրդի յաղթանակի զգացումը պահպանելն է, շարունակելն է եւ անոր մշտական բնոյթ տալը:

Մեր երկրի մեծագոյն քաղաքական խնդիրը եղած է քաղաքացիներու կողմէ իշխանութիւն ձեւաւորելու իրաւունքի անձեռնմխելիութիւնը, որովհետեւ, կը կարծեմ, որ մեր երկրին մէջ խնդիրները սկսած են խորանալ այն ժամանակներէն, երբ հանրութիւնը լայնօրէն սկսած է չվստահիլ ընտրութիւններու արդիւնքներուն եւ ամէն անգամ ընտրութիւններու արդիւնքներով ինքզինք խաբուած զգացած: Եւ հետեւաբար, մեր խնդիրն է, որ ասկէ ետք Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած բոլոր ընտրութիւններուն արդիւնքներով ինքզինք յաղթանակած զգայ ո՛չ այնքան այս կամ այն քաղաքական ուժը, այլ՝ ընտրութիւններու որեւէ արդիւնքի պարագային ինքզինք առաջին հերթին յաղթանակած զգայ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացին: Եւ ես կ՝ուզեմ ընդգծել, որ մեր կառավարութեան համար յաջորդ կարեւոր առաջնահերթութիւնը պայքարն է կաշառակերութեան դէմ, սկսած ընտրական կաշառակերութենէն եւ շարունակած պետական կառավարման, դատական կաշառակերութեամբ: Կ՝ուզեմ ըսել, որ մեր կառավարութիւնը արդէն իսկ յստակ քայլեր ձեռնարկած է այս ուղղութեամբ եւ ունի յաջողութիւններ: Այդ գործընթացը պիտի շարունակուի այնքան ժամանակ, մինչեւ բոլորս համոզուինք, որ կաշառակերութիւնը՝ իբրեւ համակարգային երեւոյթ՝ արմատախիլ ընենք Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ: Եւ ի վերջոյ, մեր ամենակարեւոր խնդիրը, հայեցակարգային խնդիրը, գաղափարական խնդիրը Հայաստանի Հանրապետութեան, եթէ կարելի է ըսել, իբրեւ պետութեան կիրառական նշանակութեան մասին ձեւակերպումն է: 1991-ին, երբ հիմնադրուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ կը թուէր, թէ ամէն ինչ շատ լաւ էր, կը կարծեմ՝ մենք թոյլ տուինք կարեւոր հայեցակարգային սխալ: Մենք յստակ չձեւակերպեցինք, թէ ինչի համար հայ ժողովուրդը կը հիմնադրէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը իբրեւ պետութիւն: Ես կ՝ուզեմ յատուկ ընդգծել, որ Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան նախաբանը Սահմանադրութեան բոլոր փոփոխութիւններուն իբրեւ արդիւնք որեւէ փոփոխութիւն չէ կրած: Այսինքն, Սահմանադրութեան նախաբանը մնացած է նոյնը, իբրեւ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադիր հանդէս կու գայ հայ ժողովուրդը, ո՛չ թէ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիները, ո՛չ թէ Խորհրդային Հայաստանի քաղաքացիները, այլ հայ ժողովուրդը: Հետեւաբար, Հայաստանի Հանրապետութեան շահառուն հայ ժողովուրդն է, եւ մենք պէտք է պատասխանենք կարեւոր հարցի մը՝ որուն համար հայ ժողովուրդը ստեղծած է Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Մենք համոզուած ենք, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը հայ ժողովուրդին կողմէ ստեղծուած է հետեւեալ նպատակով. հայութեան մարդկային, նիւթական, մտաւոր, գիտական, տնտեսական, հոգեւոր ներուժը կամ անոր զգալի մասը սեփական տարածքի վրայ կեդրոնացնելը եւ այդ ներուժի անվտանգութիւնն ու բնականոն զարգացումը ապահովելն է: Մենք այս իսկ հայեցակարգային հենքին վրայ կը տեսնենք Հայաստանի Հանրապետութեան յետագայ զարգացումը եւ այս հայեցակարգային հենքն է, որ մեզի պէտք է առաջնորդէ դէպի ազատ եւ երջանիկ Հայաստան: Կը կարծենք, որ այս գործընթացին միջնաժամկէտ արդիւնքը պէտք է ըլլայ հետեւեալը. հայ ժողովուրդի արտագաղթի հազարամեայ անիւը ի վերջոյ պէտք է կանգ առնէ եւ ետ դառնայ, ու հայութիւնը ի վերջոյ պէտք է սկսի մեծ գործընթաց՝ ապահովելու Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ կեդրոնանալու, Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւնը իբրեւ ուսումնարան ունենալու եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ու Արցախի Հանրապետութեան անվտանգութիւնն ու բնականոն զարգացումը: Այսինքն, Հայաստանի Հանրապետութիւնը պէտք է ապահովէ հայ ժողովուրդի անվտանգութիւնն ու բնականոն զարգացումը, հայ ժողովուրդը պէտք է ապահովէ Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութիւնը եւ բնականոն զարգացումը:

Եւ ուրեմն, մենք կը շարժինք այդ ճանապարհով, մենք կը շարժինք դէպի ազատ եւ երջանիկ Հայաստան, եւ մենք համոզուած ենք, որ արդէն իսկ կարեւոր անկիւնաքարեր դրած ենք այդ շինութեան կառուցման ճանապարհին: Մենք համոզուած ենք, որ այս գործընթացը անշրջելի է եւ որ այս նպատակի ճանապարհին հայ ժողովուրդը, Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացին յաղթած է: Այդ յաղթանակը անշրջելի է եւ անիկա պիտի դառնայ շարունակական: Շնորհակալ եմ»: