image

Արայիկ Յարութիւնեանը, Սուրէն Պապիկեանը, Դաւիթ Տօնոյեանը եւ Մխիթար Հայրապետեանը համալրեցին Կառավարութեան կազմը

Արայիկ Յարութիւնեանը, Սուրէն Պապիկեանը, Դաւիթ Տօնոյեանը եւ Մխիթար Հայրապետեանը համալրեցին Կառավարութեան կազմը

Նախագահ Արմէն Սարգսեանը ՀՀ նախարարներ նշանակելու հրամանագրեր ստորագրած է:

Ինչպէս աւելի վաղ յայտարարած էր վարչապետ Փաշինեանը, պաշտպանութեան նախարար նշանակուած է Դաւիթ Տօնոյեանը: 

Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարի պաշտօնը ստանձնած է Արայիկ Յարութիւնեանը:

Սփիւռքի նախարար նշանակուած է Մխիթար Հայրապետեանը: 

Իսկ տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարարութիւնը այսույետ պիտի ղեկավարէ Սուրէն Պապիկեանը: