image

Դաւիթ Տօնոյեանը՝ Պաշտպանութեան նախարար

Դաւիթ Տօնոյեանը՝ Պաշտպանութեան նախարար

Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ իրավիճակներու նախարարի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Դաւիթ Տօնոյեան 11 մայիսին պիտի նշանակուի ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնին: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրղէս»-ը, այս մասին կառավարութեան մէջ լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ընթացքին ըսած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

«Այսօր Դաւիթ Տօնոյեանը պիտի նշանակուի պաշտպանութեան նախարար: Միւս նշանակումները նոյնպէս պիտի ըլլան յառաջիկային»,- ըսած է վարչապետ Փաշինեան:

Ան տեղեկացուցած է, որ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան պիտի չշարունակէ պաշտօնավարել: «Այս պահուն մենք կառավարութեան կառուցուածքին մէջ փոփոխութիւններ ընելու ծրագիր չունինք եւ չենք ալ հասցներ ֆիզիկապէս, սակայն Սփիւռքի հետ յարաբերութիւնները շատ կարեւոր են: Ամէն ինչ պիտի ընենք, որ այդ նախարարութիւնը գործԷ ոչ միայն սփիւռքի ու հայապահպանութեան ծիրէն ներս, այլեւ ան պէտք է հայրենադարձութիւնը կազմակերպող եւ հայրենադարձութեան աջակցող հիմնական օղակը ըլլայ»,- նշած է ան:

Դաւիթ Տօնոյեան 2010-2017 թուականներուն զբաղեցուցած է Պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալի պաշտօնը, իսկ 2017-ին նշանակուած է Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ իրավիճակներու նախարար:

ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնը 2016 թուականէն կը զբաղեցնէր Վիգէն Սարգսեան, որ, սակայն, 8 մայիսին հրապարակած տեսաուղերձով, ապա նաեւ 9 մայիսին Պաշտպանութեան նարարարութեան մէջ լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ յայտարարեց, որ ինք նոր կառավարութեան կազմին մէջ պիտի չըլլայ: