image

Յաղթանակի օրուան տօնակատարութիւն Երեւանի մէջ

Յաղթանակի  օրուան  տօնակատարութիւն  Երեւանի մէջ

Այսօր մեկնարկած է Շուշիի ազատագրման 26-ամեակի եւ Հայրենական մեծ պատերազմի արձանագրած յաղթանակի 73-րդ տարեդարձի տօնակատարութիւնը զինուորական շքերթով, Երեւանի «Յաղթանակ» զբօսայգիի մէջ:

 

«Յաղթանակ» զբօսայգի այցելեցած են եւ Անյայտ զինուորի յուշահամալիրին ծաղիկներ ու ծաղկեպսակներ դրած են ՀՀ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ: Տօնական միջոցառման ներկայ եղած են ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանը, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ., ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեանը, Ազգային անվտանգութեան պետ Կեորկի Կուտոյեանը, ՍԴ նախագահ Հրայր Թովմասեանը, ԱԳՆ նախարարի պաշտօնակատար Էտուարտ Նալպանտեանը, օրէնսդիր եւ գործադիր մարմիններու ներկայացուցիչներ:

Պաշտօնեաներու հետ եղած են նաեւ արդէն հրաժարական տուած պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանը, նախկին ՊՆ փոխնախարար Արտակ Զաքարեանը:

 

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ. անմար կրակի մօտ հոգեհանգստի աղօթք կարդած է Հայրենական մեծ պատերազմի եւ արցախեան հերոսամարտի զոհերու յիշատակի համար: