image

Գլուխ կը խոնարհեմ այն հազարաւոր հերոսներու յիշատակին առջեւ, որոնք իրենց կեանքը նուիրեցին ազատութեան. ՀՀ նախագահ

Գլուխ կը խոնարհեմ այն հազարաւոր հերոսներու յիշատակին առջեւ, որոնք իրենց կեանքը նուիրեցին ազատութեան. ՀՀ նախագահ

ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան ուղերձ յղած է Յաղթանակի եւ խաղաղութեան տօնին առիթով:

ՀՀ նախագահի պաշտօնական կայքին տեղեկութիւններով՝ ուղերձին մէջ կը նշուի.

«Սիրելի հայրենակիցներ,

Կը շնորհաւորեմ Յաղթանակի եւ խաղաղութեան տօնին ու Շուշիի ազատագրման օրուան առիթով:

Այս պահուն ես յատկապէս կը մտածեմ Երկրորդ աշխարհամարտի փառապանծ վեթերաններուն մասին, անոնց՝ որոնք, ի ուրախութիւն բոլորիս, այսօր մեր շարքերուն մէջ են, եւ որոնց կը մաղթեմ քաջառողջութիւն եւ երկար տարիներու կեանք:

Անոնք մեզի կը փոխանցեն պայքարի ոգին եւ յաղթանակի բերկրանքը:

Կը մտածեն նաեւ բոլոր անոնց մասին՝ մեր ծնողներու եւ պապերու, որոնք իրենց ուսերուն վրայ կրեցին պատերազմի դաժանութիւններն ու ծանրութիւնները. սով, գերութիւն, համակեդրոնացման ճամբարներ ու կուլակ, որբութիւն ու անապաստանութիւն: Անոնք մեզի սորվեցուցին տոկալ, յուսալ եւ վերապրիլ:

Գլուխ կը խոնարհեմ այն հազարաւոր հերոսներու յիշատակին առջեւ, որոնք իրենց կեանքը նուիրեցին ազատութեան: Ցեղասպանութենէն դեռ արնածոր հայ ժողովուրդը մեծ գին վճարեց ֆաշիզմի դէմ պայքարին, որուն զաւակները իրենց փառքով պսակեցին բոլոր ճակատներուն վրայ:

Այդ հերոսներուն օրինակով դաստիարակուած են բազմաթիւ սերունդներ: Այդ հերոսներուն ժառանգներն էին, որոնք տասնամեակներ անց յանուն ազատութեան մարտի ելան եւ ազատագրեցին Շուշին՝ կերտելով մեր նորօրեայ յաղթանակները:

Քաջութեան, հերոսութեան եւ յանուն Հայրենիքի ինքնազոհութեան այդ ոգին այսօր ամուր նստած է Հայրենիքի պաշտպանի՝ հայ զինուորի մէջ: Այդ ան էր՝ յաղթական զինուորը, որ 2016-ի Ապրիլին անօրինակ սխրանքով պաշտպանեց հող հայրենին:

Եւ այսօր մեր պայծառ պատանիներն ու երիտասարդները կանգնած են հերթափոխի, ստեղծարար եռանդով, նպատակասլացութեամբ եւ հայրենասիրութեամբ լծուած Հայրենիքի վերաշինման գործին:

Փառք ու պատիւ բոլոր քաջերուն եւ յաւէրժ յիշատակ յանուն Հայրենիքի ընկածներուն»: