image

Հայ ժողովուրդի այսօրուան համախմբուածութիւնն աշխարհին պիտի ստիպէ նաեւ ճանչնալ Արցախի անկախութիւնը. Ն. Փաշինեան

Հայ ժողովուրդի այսօրուան համախմբուածութիւնն աշխարհին պիտի ստիպէ նաեւ ճանչնալ Արցախի անկախութիւնը. Ն. Փաշինեան

ԱԺ «Ելք» խմբակցութեան ղեկավար, վարչապետի թեկնածու Նիկոլ Փաշինեանն իր ելոյթն այսօր ԱԺ-ի մէջ սկսաւ Շուշի ազատագրման 26-րդ տարելիցի շնորհաւորանքով: Ան կարեւորեց այն, ինչպէս ինքը որակեց, որ ժողովուրդի թեկնածուի յաղթանակը ճիշդ այսօր պիտի ըլլայ: 

«ՀՀ քաղաքացին եւ հայ ժողովուրդն այնքան ոգեւորուած է, որքան Շուշիի ազատագրման օրերին, ՀՀ քաղաքացին եւ հայ ժողովուրդն առաւել քան վստահութիւն ունի դէպի ՀՀ ապագան, քան երբեւէ:

ՀՀ-ում իրականացուած ոչ բռնի ու թաւշեայ յեղափոխութիւնը զարմացրել ու հիացրել է ամբողջ աշխարհին, Հայաստանի եւ հայ ժողովրդի վարկանիշն այսօր աւելի բարձր է, քան երբեւէ։ Այսօր Հայաստանի Հանրապետութեան միջազգային հեղինակութիւն աւելի ծանրակշիռ է, քան երբեւէ, ինչը մենք պէտք է ծառայեցնենք ՀՀ շահերին»,-ըսած է ան։ 

Նիկոլ Փաշինեանն ԱԺ ամպիոնէն դիմեց Արցախի բնակչութեան՝ յայտարարելով, որ ՀՀ-ի մէջ «ոչ բռնի ու թաւշեայ, սիրոյ յեղափոխութիւնն ամրապնդելու է Արցախի անվտանգութիւնը»։

«Համոզուած եղէք՝ սիրոյ եւ համերաշխութեան յեղափոխութիւնը ոչ միայն վտանգ չի պարունակում, այլեւ նոր հնարաւորութիւններ է բացում Արցախի ժողովրդի համար»,-նշած է ան՝ յոյս յայտնելով, որ հայ ժողովուրդի այսօրուան համախմբուածութիւնն աշխարհին պիտի ստիպէ նաեւ ճանչնալ Արցախի անկախութիւնը։