image
Հրատապ լուրեր:

Կարէն Կարապետեան պիտի փոխարինէ Սերժ Սարգսեանը

Կարէն Կարապետեան   պիտի  փոխարինէ   Սերժ  Սարգսեանը

Տեղի ունեցած է կառավարութեան արտահերթ նիստ, որ վարած է առաջին փոխվարչապետ Կարէն Կարապետեանը:

Արտահերթ նիստին՝ համաձայն «Կառավարութեան կառուցուածքի եւ գործունէութեան մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքի 7-րդ յօդուածի 14-րդ մասի եւ հիմք ընդունելով Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Սերժ Սարգսեանի յայտարարութիւնը՝ փաստեց վարչապետի կողմէն իր լիազօրութիւններու կատարման անհնարինութիւնը:

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի 2018 թուականի 21 ապրիլի՝ «Վարչապետի բացակայութեան եւ լիազօրութիւններու կատարման անհնարինութեան պարագային վարչապետին փոխարինելու կարգը սահմանելու մասին» N 412-Լ որոշման յաւելուածի 5-րդ կէտի համաձայն՝ վարչապետի լիազօրութիւններու կատարման անհնարինութեան պարագային վարչապետին կը փոխարինէ առաջին փոխվարչապետը: