image

Սարգսեան քանի մը րոպէ ետք լքեց հանդիպման վայրը.Բանակցութիւնները անարդիւնք

Սարգսեան  քանի մը րոպէ  ետք լքեց հանդիպման վայրը.Բանակցութիւնները անարդիւնք

ՀՀ վարչապետ Սերժ Սարգսեան   Նիկոլ Փաշինեանի   հետ  քանի մը  րոպէ երկխօսութիւն ունենալէ  ետք լքեց  «Մարիոթ»   հիւրանոցը:

 Երկխօսութեան ընթացքին   Սարգսեան  ըսաւ, որ Փաշինեանի   քայլերը  ուղղուած են  պետութեան  դէմ: Ան նաեւ  դիտարկեց, որ Փաշինեան չէ սորված       մարտի   մէկեան դասերը  եւ այսօր  որեւէ  ծայրայեղ  դէպքի   պարագային       ամբողջի  պատասխանատուութիւնը   կ'իյնայ Փաշինեանի ուսերուն:

Ի դէպ    Սարգսեանը այս   տողերը ոտքի  կանգնելով  ըսաւ ու նաեւ   խօսքը լրագրողներուն    դիմելով  յայտնեց «արձանագրէ՛ք  այս փաստը»:

 Իր կարգին    Փաշինեան      աւելի ուշ     յայտնեց, որ Սարգսեան  իր  հետ կը խօսի սպառնալիքներու լեզուով   եւ իր  պահանջը    Սերժ Սարգսեանի   վարչապետի  իր պաշտօնէն  հեռացումն է:

 

 Հարցին,  որ կրնայ պատահիլ, որ  ուժային մարմինները     բռնի ուժով  ցրեն     բողոքի ցոյցերը    Փաշինեան նկատել տուաւ,  որ «ցոյցերը  ցրուելու  որեւէ օրինական հիմք չկայ»  եւ ան  այս   առումով    մէջբերեց սահմանադրութեան   այդ  խնդրի  վերաբերեալ  կէտը:

    Այս պահուն  Փաշինեան  դուրս եկած    ու միացած  է   «Հանրապետութեան»  հրապարակի վրայ գտնուող  հազարաւոր ցուցարաներուն: