image
Հրատապ լուրեր:

Սերժ Սարգսեան Հայաստանի վարչապետ ընտրուեցաւ

Սերժ Սարգսեան Հայաստանի վարչապետ ընտրուեցաւ

Սերժ Սարգսեան Հայաստանի   վարչապետ ընտրուեցաւ: Ազգային ժողովի` ՀՀ վարչապետի ընտրութեան յատուկ նիստին գրանցուած է 91 պատգամաւոր: ԱԺ նախագահ Արա Բաբլոյեանը հաստատեց, որ քուորում կայ, եւ նիստը բաց յայտարարեց: 


Նշենք, որ յատուկ նիստին «Ծառուկեան» խմբակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեանը չէ մասնակցած: 

Ընդդիմադիր «Ելք» խմբակցութեան «Հանրապետութիւն» կուսակցութեան անդամ Արտակ Զեյնալեանն ալ չէ գրանցուած: 

ՀՀԿ-ի եւ ՀՅԴ-ի կողմէն առաջադրուած թեկնածն ներկայացուցած է ՀՀԿ խմբակցութեան ղեկավար Վահրամ Պաղտասարեանը: Ան նշեց, որ Սերժ Սարգսեանը  անվտանգութեան երաշխաւոր է, ով իր գործունէութեան հիմքը դրած է Հայաստան-Սփիւռք-Արցախ կապի ամրապնդումը: 

Բողոքի ցոյցերը աայդ ընթացքին կը շարունակուէին, սակայն «Ելք» խմբակցութեան պատգամաւորներէն «Լուսաւոր Հայաստան» եւ «Հանրապետութիւն» կուսակցութեան ներկայացուցիչները կը մասնակցէին ԱԺ նիստին։