image

Փաշինեանի հետեւորդները կը փակեն Երեւանի շարք մը փողոցներ

Փաշինեանի  հետեւորդները  կը փակեն Երեւանի   շարք  մը փողոցներ

Նիկոլ Փաշինեանի խումբ մը հետեւորդներ այսօր առաւոտեան կանուխ ժամերէն փակած են  Երեւանի շարք մը կեդրոնական   փողոցներ:

Այս պահու դրութեամբ խումբ մը ուսանողներ եւ անոնց միացած քաղաքացիներ իրենց ինքնաշարժներով փակած են Երիտասարդական  մեթրոյի  գլխաւոր ճամբան,  ինչպէս նաեւ «Օբերա»ի, «Բաղրամեան»ի եւ այլ կարեւոր փողոցներ:

Յիշեցնենք, որ բողոքի այս քայլերը տեղի կ'ունենան ընդդիմադիր «ԵԼՔ» խմբակցութեան ներկայացուցիչ Նիկոլ Փաշինեանի երկու շաբաթներ առաջ սկսած «Իմ քայլ»ը նախաձեռնութեան հետ:

Բողոքարարները  դէմ են, որ ՀՀ երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեան դառնայ ՀՀ վարչապետ,մինչ իշխող Հանրապետական կուսակցութեան Գերագոյն Խորհուրդի Ծաղկաձորի  մէջ կայացած նիստը առաջադրած  էր Սարգսեանի վարաչապետի պաշտօնին թեկնածուութիւնը եւ կը սպասուի, որ ըստ սահմանադրական կարգին այդ թեկնածուութիւնը քուէարկութեամբ մը հաստատուի Ազգային Ժողովի սպասուած  նիստին ընթացքին:

 Յիշեցնենք, որ բողոքի այս քայլերը տեղի կ'ունենան ընդդիմադիր «ԵԼՔ» խմբակցութեան ներկայացուցիչ Նիկոլ Փաշինեանի երկու շաբաթներ առաջ սկսած «Իմ քայլ»ը նախաձեռնութեան հետ: