image

Նախարար Սարգսեան մասնակցած է Արցախեան Քառօրեայի նահատակներու յիշատակի մոմավառութեան

Նախարար  Սարգսեան  մասնակցած  է Արցախեան Քառօրեայի  նահատակներու յիշատակի մոմավառութեան

ՀՀ Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան մասնկացած է Արցախեան քառօրեայի ընթացքին զոհուած նահատակներու ոգեկոչման արարողութեան:

 Այս մասին լուրը կը փոխանցէ «Արմէնբրէս»ը նշելով, որ մոմավառութիւնը տեղի ունեցած է Նոր Նորք  շրջանի  «Թաթուլ Կրպէյեան»ի անուան այգիին մէջ:

Յիշեցնենք, որ այսօր իր լրումին կը հասնի Արցախի մէջ տեղի ունեցած պատերազմական քառօրեային երկրորդ տարելիցը, որուն ընթացքին  հարիւրէ աւելի հայ  զինծառայողներ նահատակուեցան:

 

 Հերոսական պայմաններու մէջ իրենց արիւնը հայրենի հողին տուած հերոսներու ջանքերուն  եւ վեհ  արարքներուն  շնորհիւ հակառակորդ Ազրպէյճանի բանակը ստիպուած եղաւ հաշուի նստիլ հայկական կողմին հետ եւ Մոսկուայի թելադրանքը կատարել վերհաստատելով 1994 թուականին կնքուած հրադադարը: