image
Հրատապ լուրեր:

ՀՀ Սփիւռքի Նախարարը ներկայ գտնուած է«Խօսնակ» Պաշտօնաթերթի 60 ամեակին նուիրուած hանդիսութեան

ՀՀ Սփիւռքի Նախարարը ներկայ գտնուած է«Խօսնակ» Պաշտօնաթերթի 60 ամեակին նուիրուած hանդիսութեան

ՀԲԸՄ «Տէմիրճեան» կեդրոնին մէջ  Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան հովանաւորութեամբ Մարտ 12-ին տեղի ունեցաւ ՀԲԸՄ Լիբանանի շրջանակային յանձնաժողովի եւ Հայ երիտասարդաց ընկերակցութեան կեդրոնական վարչութեան պաշտօնաթերթ «Խօսնակ»-ի 60 ամեակին նուիրուած հանդիսութիւնը: Այն կը նախագահէր շրջանակային յանձնաժողովի ատենապետ Ժիրայր Թուֆէնքճեան: Երեկոյի գլխաւոր բանախօսն էր ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան:

Ձեռնարկին ներկայ էին ՀԲԸՄ ղեկավարներ, պետական այրեր, այլ միութիւններու ներկայացուցիչներ, մտաւորականներ:

Հանդիսութեան մեկնարկին մասնակիցներուն յանձնուեցաւ «Խօսնակ»-ի բացառիկ ստուարածաւալ համարը: Այնուհետեւ վաւերագրական տեսանիւթով ներկայացուեցաւ ամսաթերթի անցած ողջ ճանապարհը:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ «Խօսնակ»-ի մշակութային յանձնաժողովի անդամ Յովիկ Առաքէլեան: Ընթերցուեցան Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ-ի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա-ի օրհնութեան, ՀԲԸՄ նախագահ Պերճ Սեդրակեանի ողջոյնի եւ երախտիքի խօսքերը:

Երեկոյի ընթացքին ներկայացուեցան մշակութային համարներ, որոնցմով հանդէս եկան երիտասարդ երգիչ Արամ Շահպազեան, դաշնակահար Ալեքս Պապահէքեան, ՀԵԸ «Արին» պարախումբը:

Այնուհետեւ բեմ հրաւիրուեցաւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան: Ողջունելով ներկաները` նախարար Հրանոյշ Հաբոյեան անդրադարձաւ հայ-լիբանանեան սերտ համագործակցութեան, ներկայացուց Լիբանան ՀՀ վարչապետ Կարէն Կարապետեանի գլխաւորած պատուիրակութեան այցի մանրամասնութիւնները եւ ուրախութեամբ նշեց, որ Լիբանանի ղեկավար այրերը գոհունակութեամբ եւ հպարտութեամբ  խօսած են հայ համայնքի մասին` շեշտելով հայերու աշխատասիրութիւնն ու հաւատարմութիւնը, համայնքի կազմակերպուածութիւնը: Նախարարը կարեւոր համարեց Բարեգործականի 112-ամեայ գործունէութիւնը, անոր բացառիկ դերը հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ:

««Խօսնակ»-ը բազմավաստակ կառոյցի` Բարեգործականի վառած անմար ճրագներէն մէկն է, որ կը լուսաւորէ հայ ընթերցողներու` դէպի իմաստութիւնն ու սեփական էութիւնը տանող ճանապարհը: Իր 60-ամեայ երթի ընթացքին «Խօսնակ»-ը մշտապէս նախանձախնդիր մօտեցում ցուցաբերած է հայ համայնքէն ներս առկայ խնդիրներուն, պատշաճ ներկայացուցած է Բարեգործականի ձեռնարկները, իր երթին մէջ եղած է աներեր եւ վառ պահած հայկական ոգին ու ազգային ինքնագիտակցութիւնը` սէր եւ նուիրում սերմանելով Հայրենիքի հանդէպ: Իր հրապարակումներուն մէջ  մշտապէս անդրադառնալով համահայկական խնդիրներուն` ամսագիրը կիզակէտին մէջ պահած է ազգային մնայուն արժէքները: Հեռաւոր 1956թ. էր, որ արդէն պատկառելի տարիք ունեցող ՀԲԸՄ- լիբանանեան կառոյցը ստեղծեց իր Վետերաններու յանձնախումբը` Հազարապետ Պօղոս Բէյ Թուրսարգիսեան, Ասատուր Մակարեան, Արա Թօփչեան, Սիսակ Վարժապետեան ազդեցիկ մտաւորականներու կազմով»,-նշեց նախարարը:

Անդրադառնալով պաշտօնաթերթի բոլոր ժամանակներու խմբագիրներու գործունէութեան` նախարարը այն որակեց իբրեւ ազգապահպան եւ առաքինի գործ: «Այսօր կան եւ մեր կողքին են  Սարգիս Մինասեանը, Պարոյր Աղբաշեանը, Արամ Սեփեթչեանը, Համբիկ Մարտիրոսեանը, որոնք կը շարունակեն աշխուժօրէն ստեղծագործել` հարստացնելով մեր մշակութային կեանքը: Անոնք իրենց ներկայութեամբ եւ արժէքաւոր յուշերով կրնան ա՛լ աւելի իմաստաւորել եւ ամբողջացնել «Խօսնակի»` իրենց ապրած ժամանակաշրջանի պատմութիւնը»,-ընդգծեց նախարարը:

Հրանոյշ Յակոբեան շեշտեց, որ Հայրենիք-Սփիւռք գործակցութիւնն ու Սփիւռքի նախարարութեան գործունէութիւնը ամսագրի առանցքին  են, եւ պատահական չէ, որ ի տարբերութիւն այն լրատուամիջոցներու, որոնք դէպքէ դէպք կ’անդրադառնան Հայրենիքի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն, «Խօսնակը» իր իւրաքանչիւր համարին մէջ նիւթեր կը հրապարակէ Հայրենիքի, սփիւռքի մէջ տեղի ունեցող սոցիալ-քաղաքական, կրթամշակութային եւ շարք մը այլ իրողութիւններու վերաբերեալ: «Այսպէս, 2017 թուականի 8-9 միացեալ համարը գրեթէ ամբողջութեամբ նուիրուեցաւ Հայաստան – Սփիւռք համահայկական 6-րդ համաժողովին` հրատարակելով ՀՀ Նախագահի, Վեհափառներու, միւս ելոյթ ունեցողներու ելոյթները: Կարելի է վստահօրէն ըսել, որ համաժողովի քիչ թէ շատ կարեւոր որեւէ իրողութիւն չվրիպեցաւ «Խօսնակի» ամենատես ուշադրութենէն: Այդպէս է մօտեցումը առհասարակ Հայրենիքի մէջ տեղի ունեցող իւրաքանչիււր իրադարձութեան վերաբերեալ»,-նկատեց նախարարը:

Այնուհետեւ Հրանոյշ Յակոբեան «Խօսնակ»-ի նախկին խմբագիրներ Սարգիս Մինասեանին եւ Պարոյր Աղբաշեանին փոխանցեց ՀՀ վարչապետի մետալը, իսկ ներկայիս խմբագիր Համբիկ Մարտիրոսեանին պարգեւատրեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան Ոսկէ մետալով: Համբիկ Մարտիրոսեան ատենապետ Ժիրայր Թուֆէնքճեանի կողմէ պարգեւատրուեցաւ նաեւ ՀԲԸՄ յատուկ յուշանուէրով:

Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան եւ «Խօսնակ»-ի խմբագիր Համբիկ Մարտիրոսեան պատուոգիրներ յանձնեցին ամսաթերթի աշխատակիցներուն:

Հանդիսութեան աւարտին խմբագիր Համբիկ Մարտիրոսեան իր շնորհակալական խօսքը յայտնեց Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին, ՀԲԸՄ-ի երախտաւորներուն, «Խօսնակ»-ի բոլոր ժամանակներու աշխատակիցներուն: