image

Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետ Կարէն Կարապետեան Անթիլիասի Մայրավանք այցելած է

Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետ Կարէն Կարապետեան Անթիլիասի Մայրավանք այցելած է

Երկուշաբթի, 12 Մարտ 2018-ի երեկոյեան, պաշտօնական այցելութեամբ Լիբանան գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Կարէն Կարապետեան Լիբանանի նախագահին ու վարչապետին հետ հանդիպում ունենալէ ետք այցելեց Անթիլիասի Մայրավանք եւ հանդիպում ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ:

Վեհափառ հայրապետին կողքին հանդիպումին ներկայ էին Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամները, իսկ վարչապետ Կարապետեանին պատուիրակութեան մաս կը կազմէին նախարարներ:

Ողջունելով վարչապետին այցելութիւնը, կաթողիկոսը ըսաւ, թէ զինք իբրեւ հիւր չ՛ընդունիր, այլ իբրեւ տան զաւակ, որովհետեւ հայկական կեանքին մէջ գործող բոլոր կառոյցները կը պատկանին ամբողջ հայութեան: Ապա վեհափառ հայրապետը շեշտեց համահայկական գերագոյն արժէքներու, մարտահրաւէրներու ու ձգտումներու շուրջ համախմբուելու հրամայական անհրաժեշտութիւնը, միաժամանակ յիշեցնելով Հայաստանի ու Արցախի հզօրացումը` իբրեւ համահայկական առաջնահերթութիւն: Ան նաեւ ողջունեց Հայաստանի ու Լիբանանի միջեւ աճող տնտեսական յարաբերութիւնը:

Վարչապետ Կարապետեան, իր կարգին, իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ կը գտնուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մայրավանքին մէջ: Ան ընդգծեց Լիբանանի հայութեան կարեւոր ներդրումը Հայաստանի տնտեսական մարզին մէջ` միաժամանակ անդրադառնալով Լիբանանի ու Հայաստանի տնտեսական յարաբերութիւններու առջեւ բացուող լայն կարելիութիւններուն: Վարչապետ Կարապետեան պատասխանեց Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամներուն առաւելաբար տնտեսական բնոյթ ունեցող հարցումներուն:

Վեհափառ հայրապետին հետ ունեցած հանդիպումի աւարտին, Կարէն Կարապետեան այցելեց Մայր տաճար եւ Սրբոց Նահատակաց մատուռ: