image
Հրատապ լուրեր:

Աւելի քան 30 իսրայէլեան ընկերութիւն կը պատրաստուի Գիւմրի մտնել

Աւելի քան 30 իսրայէլեան ընկերութիւն կը պատրաստուի Գիւմրի մտնել

«Արմէնբրէս» լրատուական գործակալութիւնը յայտնած է, որ Գիւմրիի քաղաքապետարանը կը պատրաստուի Իսրայէլի Առեւտրական պալատին հետ համաձայնագիր կնքել, համաձայն որուն աւելի քան 30 իսրայէլեան ընկերութիւն Գիւմրիի մէջ առեւտրական գործունէութիւն պիտի ծաւալէ:

Այս առթիւ Գիւմրիի Առեւտրական պալատը կոչ ուղղած է 350 հեքթար հող տրամադրել, աւելի քան 10,000 աշխատատատեղի ստեղծման համար:

Գիւմրիի քաղաքապետ Սամուէլ Բալասանեանի փոխանցմամբ, 23,8 միլիոն եւրոյի արժողութեամբ նախագիծի մեկնարկը պիտի տրուի յառաջիկայ մարտ-ապրիլ ամիսներուն: