image

Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Միշել Աուն պաշտօնական այցով ժամանեց Հայաստան

Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Միշել Աուն պաշտօնական այցով ժամանեց Հայաստան

Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Միշել Աուն պաշտօնական այցով ժամանեց Հայաստան: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը, Երեւանի «Զուարթնոց» միջազգային օդակայանին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի նախագահին դիմաւորման արարողութիւնը:

Միշել Աուն Հայաստան ժամանած է ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրով:

Լիբանանի նախագահի պատուիրակութեան կազմին մէջ են երկրի ներքին գործոց նախարար Նուհատ ալ Մաշնուք, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ, արդիւնաբերութեան նախարար Հուսէյն Հաջ Հասան, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, կաշառակերութեան դէմ պայքարի պետական նախարար Նիքոլա Թուէյնի, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ Դաշնակցութիւն կուսակցութեան ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի:

Այցի ծիրէն ներս նախատեսուած են Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահի հանդիպումները ՀՀ բարձրագոյն ղեկավարութեան` նախագահին, վարչապետին, Ազգային ժողովի նախագահին հետ: Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ նախագահ Միշել Աուն հանդիպում պիտի ունենայ նաեւ Գարեգին Բ․ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին հետ, այնուհետեւ պիտի այցելէ Մայր Տաճար եւ գանձատուն:

Հանրապետութեան Նախագահի նստավայրին մէջ հայ-լիբանանեան բարձր մակարդակի բանակցութիւններու աւարտին նախագահներ Սերժ Սարգսեան եւ Միշել Աուն լրատուամիջոցներու առջեւ հանդէս պիտի գան հանդիպման արդիւնքները ամփոփող յայտարարութիւններով: