image
Հրատապ լուրեր:

Մենք հայադարձութեան հարց դրած ենք, ոչ թէ հայրենադարձութեան. Սփիւռքի նախարար

Մենք հայադարձութեան հարց  դրած ենք, ոչ թէ հայրենադարձութեան. Սփիւռքի նախարար

«ՀՀ-Սփիւռք գործակցութեան զարգացումներ»ը թեմայով աշխատանքային խորհրդակցութեան ժամանակ, երէկ, ԱԺ-ի մէջ «Ելք» խմբակցութեան պատգամաւոր Արտակ Զեյնալեան Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանէն հետաքրքրուած է, եթէ այս պահուն 7 միլիոնէ աւելի սփիւռք ունինք, 10 տարի յետոյ որքա՞ն կ'ունենանք:


«Դա կապուած է աշխարհում տեղի ունեցող իրադարձութիւններից, երեւոյթներից, քաղաքականութիւնից: Երկրաշարժը եղաւ, շատերը ցնցուեցին ու վերադարձան իրենց արմատները, ապրիլեան պատերազմի դէպքերի ժամանակ շատերը վերադարձան: ցաւալի է, բայց փաստ. մենք համախմբւում ենք ցաւի ու վտանգի պահին: Ինչպէս երջանկայիշատակ Վիգէն Յովսէփեանը մի անգամ ասաց՝ մէկ օրում ժողովրդից ազգ դարձանք»,-պատասխանած է Հրանուշ Յակոբեանը:

Նախարարի խօսքով, ակնյայտ է, որ ե՛ւ արտագաղթ տեղի կ'ունենայ, ե՛ւ ներգաղթ: «Երկու գործընթացներն էլ տեղի են ունենում, մենք հայադարձութեան հարց ենք դրել, ոչ թէ հայրենադարձութեան եւ յորդորում ենք համայնքներին, որ զբաղուեն այն հայերով, ովքեր դադարել են հայ լինելուց»,-նշած է Հրանուշ Յակոբեանը:

Քննարկման ներկայ եղած ՀՀԿ խմբակցութեան ղեկավար Վահրամ Պաղտսարեան  իր հերթին նշած է, որ թէեւ Սփիւռքի նախարարութիւնը չունի մի քանի կարեւորագոյն գործիքներ՝ իր աշխատանքները աւելի արդիւնաւէտ եւ հեշտ դարձնելու համար, սակայն նախարարը առանց այդ հեշտ գործիքներու գոյութեան, կրցած է արդիւնքի հասնիլ:

Պաղտասարեանը կարեւորած է նաեւ նախարարութեան աշխատանքները՝ սփիւռքահայերու մասնակցութեամբ ներդրումներ կատարելու առնչութեամբ: «Նրանք պէտք է հասկանան, որ սա պիզնես հարթակ է իրենց համար, որտեղ փողը պէտք է փող բերի, որպէսզի շահագրգռուածութիւն լինի ներդրումներ անելու, պիզնեսը զարգացնելու ուղղութեամբ, եւ ոչ թէ միանուագ օգնութիւններ կատարել ու դրանով աւարտել»,- ըսած է ան: