image

ԵՊՀ-ի Փոլիթէքնիկ բաժանմունքի տօնածառին տակ պայթուցիկի նմանող սարք տեղադրողը յայտնաբերուած է

ԵՊՀ-ի Փոլիթէքնիկ բաժանմունքի տօնածառին տակ պայթուցիկի նմանող սարք տեղադրողը յայտնաբերուած է

ԱԱԾ–էն յայտնած են, որ ՀՀ կառավարութեան առընթեր ազգային անվտանգութեան ծառայութեան աշխատակիցներու կողմէ ձեռնարկուած հետախուզական միջոցառումներու արդիւնքով պարզուած է 24 դեկտեմբերին Ճարտարապետութեան եւ շինարարութեան Հայաստանի ազգային համալսարանի բակի տօնածառին տակ տուփով պայթուցիկ սարքի նմանող առարկան տեղադրած անձը:

Պարզուած է, որ պայթուցիկի նմանող սարքը տեղադրած է 1975-ի ծնունդ Արամայիս Գ.-ն, որ ժամը 17.00-ին ներկայացած է ոստիկանութեան Կեդրոնականի բաժին եւ խոստովանական բացատրութիւն տուած է:


Վերջինս ընդունած է արարքը իր կողմէ կատարուած ըլլալու փաստը եւ յայտնած շարժառիթները:

Յիշեցնենք, որ 24 դեկտեմբերի առաւօտեան Ճարտարապետութեան եւ շինարարութեան ազգային համալսարանի բակին մէջ տեղադրուած եղեւնիին տակ կասկածելի արկղ յայտնաբերուած էր: 

Դէպքի վայր մեկնած ոստիկանութեան ծառայողները կասկածելի արկղը տեղափոխած էին անվտանգ վայր: Պարզուած էր, որ արկղի մէջ եղած է 2 քոնեակի շիշ` անյայտ ծագման հեղուկով, փլասթիլին, փոքրածաւալ կուտակիչ, մետաղալարեր եւ ճայթիչներ, որոնք նմանեցուած են պայթուցիկ սարքի:

Պարզուած էր, որ յայտնաբերուածը որեւէ վտանգ չի ներկայացներ: Դէպքի հանգամանքները  պարզելու համար նշանակուած էր փորձաքննութիւն։