image
Հրատապ լուրեր:

Հաստատուած է «Տահէշ»ի մէկ անդամին Հայաստան մուտք գործել փորձելու մասին լուրը

Հաստատուած  է «Տահէշ»ի մէկ անդամին  Հայաստան մուտք գործել փորձելու մասին լուրը

Մօտ 10 օր առաջ Հայաստանի ուժային կառոյցներու կողմէն կանխուած է միջազգային ահաբեկչական խմբաւորում հանդիսացող «Իսլամական պետութեան» անդամներէն մէկուն Հայաստան մուտք գործելու փորձը: 

Այս մասին հաղորդող «Առաւօտ» կը գրէ. «Մեզ հասած տեղեկութիւններով՝ դեկտեմբերի կէսերուն Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ Հայաստանի սահմանապահ ծառայութեան եւ ազգային անվտանգութեան մարմիներու կողմէ ձերբակալուած է միջինասիական երկիրներէն մէկուն քաղաքացի (անունը հնարաւոր չէ եղած ճշդել), որ «Իսլամական պետութեան» անդամ է:

Տուեալ անձը ժամանած է Թուրքիայէն եւ փորձած է մուտք գործել Հայաստանի տարածք, ինչն ալ ժամանակին կանխուած է ՀՀ համապատասխան կառոյցներու կողմէ, եւ ահաբեկչական կազմակերպութեան հետ հնարաւոր կապ ունեցող անձնաւորութիւնը ետ ուղարկուած է Թուրքիա:

ՀՀ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը «Առաւօտ»ին հաստատած է «իսլամական պետութեան» անդամի` Հայաստան մուտք գործելու փորձի մասին տեղեկութիւնը: Հարցին ի պատասխան՝ ԱԱԾ-ն նշած է, որ փորձը կանխուած է, ահաբեկիչը ՀՀ քաղաքացի չէր:

Ըստ PanArmenian.net-ի՝ նշուած է, որ միայն 2017-ի ընթացքին՝ հակաահաբեկչական քայլերու ծիրէն ներս արգիլուած է միջազգային ահաբեկչական կազմակերպութիւններու հետ հնարաւոր առնչութեան մէջ կասկածուող այլ պետութեան 960 քաղաքացիներու մուտքը Հայաստանի Հանրապետութիւն, եւս 95 օտարերկրացի սահմանային վերահսկողութեան տակ են` յատուկ հետախուզման իրավիճակով:

Վէսթ Փոյնթի Ահաբեկչութեան դէմ պայքարի կեդրոնի` 2016 թուականին յայտնած տեղեկատւութեան համաձայն «իսլամական պետութիւնը» Հայաստանի 1 քաղաքացի կրցած է հաւաքագրել 2013-2014-ի միջակայքին: ԱԱԾ-ն PanArmenian.net-ին տրուած պարզաբանման մէջ հերքած էր տեղեկատւութեան իսկութիւնը:

Նոյն 2016 թուականին թրքական մամուլը յայտնած էր երկրի տարածքին ԻՊ անդամ, ՀՀ-ի մէջ ծնած ֆրանսայի քաղաքացի, կրօնափոխ եղած եզիտի Արտիոմ Ալոյեանի ձերբակալութեան մասին: