ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնն ու «Արար» հիմնադրամը, մարտական դիրքերէն մէկը լիարժէք կահաւորելով եւ ամրացնելով, համատեղ փորձնական ծրագիր իրականացուցած են: Այս մասին կը հասորդէ «Մետիամաքս»-ը:
Ծրագրի ծիրէն ներս տեղադրուած է արեւային կայան, բնական կազի մասնաւոր համակարգ, ինչպէս նաեւ դիրքի տարբեր հատուածներու մէջ կիրառուած են նոր գիտարուեստական լուծումներ:
ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան 8 Նոյեմբերին ծանօթացած է նշուած մարտական յենակէտին եւ խրամախորշերու մէջ իրականացուած կահաւորման եւ վերամրակցման աշխատանքներուն:
Հիմնադրամը նշած է, որ ծրագրի նպատակն է դիրքին մէջ իրականացուած լուծումները կիրառել տարբեր մարտական դիրքերու վրայ՝ զինծառայողներու անվտանգութիւնը եւ մարտունակութիւնը բարձրացնելու նպատակով: