image

Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց «Չոպանեան» հիմնարկի նախագահ Վարուժան Սիրապեանը

Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց «Չոպանեան» հիմնարկի նախագահ Վարուժան Սիրապեանը

Հոկտեմբեր 31-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Փարիզի «Չոպանեան» հիմնարկի հիմնադիր նախագահ, «Եւրոպան եւ Արեւելքը» հանդէսի գործադիր տնօրէն Վարուժան Սիրապեանը:

Նախարարը կարեւոր համարելով հիմնարկի գործունէութիւնը` հաստատութեան տնօրէնին հետ քննարկեց անցնող տարիներու ընթացքին կատարուած աշխատանքները:

Հանդիպման ընթացքին Հրանոյշ Յակոբեանն անդրադարձաւ նաեւ սեպտեմբեր 18-20-ը Երեւանի մէջ կազմակերպուած «Փոխադարձ վստահութիւն, միասնականութիւն եւ պատասխանատուութիւն» խորագիրով Հայաստան-Սփիւռք վեցերորդ համահայկական համաժողովի աշխատանքներուն:

Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար` Վարուժան Սիրապեան խօսեցաւ «Չոպանեան» հիմնարկի յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին, նախարարին ներկայացուց Հայաստանի եւ Արցախի մէջ հիմնարկի  ծաւալած գործունէութիւնը: