image
Հրատապ լուրեր:

Լրացաւ 27 հոկտեմբերի ահաբեկչութեան 18-րդ տարելիցը

Լրացաւ 27  հոկտեմբերի ահաբեկչութեան 18-րդ տարելիցը

18 տարի առաջ այս օրը՝ երեկոյեան ժամը 17:00-ի մօտերը ՀՀ Ազգային ժողովի հերթական նիստի ժամանակ նիստերու դահլիճ ներխուժեցին զինուած անձինք, որոնք կրակ բացին՝ թիրախ ընտրելով ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահ Կարէն Տեմիրճեանին ու վարչապետ Վազգէն Սարգսեանին:  1999 թուականի 27 հոկտեմբերին ԱԺ-ի մէջ Օրենսդիր եւ Գործադիր մարմիններու հարց ու պատասխանի ժամն էր:

 

Զինուած անձերն էին Նայիրի Յունանեան, Կարէն Յունանեան, Էդուարդ Գրիգորեան, Վռամ Գալստեան, Դերենիկ Բեճանեան: Անոնց բացած կրակէն սպաննուաեցան ԱԺ նախագահ Կարէն Տեմիրճեանը, վարչապետ Վազգէն Սարգսեանը,  Ազգային ժողովի փոխխօսնակներ Ռուբէն Միրոյեանն ու Եուրի Բախշեանը, նախարար Լեոնարտ Պետրոսեանը, պատգամաւորներ Արմենակ Արմենակեանը, Հենրիկ Աբրահամեանը եւ Միքայէլ Քոթանեանը:

 

27 Հոկտեմբերին տեղի ունեցած գործողութիւններու ղեկավարը Նայիրի Յունանեանն էր: Յետագային Նայիրի Յունանեանը ցուցմունք տուած եւ յայտարարած է, թէ ինք պետական մակարդակով ահաբեկչական ծրագիրներ ունեցած է 1991 թուականին, բայց հանգամանքներու բերումով չէ կրցած իրագործել:

 

Ան ՀՀ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանէն պահանջեց հեռուստատեսութեամբ ուղիղ եթերով ելոյթ ունենալու հնարաւորութիւն եւ արդար դատի երաշխիքներ, որոնք չտրուեցան իրեն։ Արդէն 28 հոկտեմբերին ձեռնարկուեցաւ պատանդները ազատագրելու գործողութիւններ՝ զինուած անձինք ձերբակալուեցան:

 

Ահաբեկչութիւնն իրականացուցած անձերու դատավճիռը հրապարակուեցաւ 2003 թուականի 2 դեկտեմբերին, Նորք-Մարաշ շրջանային դատարանի դատաւոր Սամուէլ Ուզունեանի կողմէ: «27 Հոկտեմբերի» գործողութեան հեղինակներէն 6-ը դատապարտուեցան ցմահ, իսկ մէկը՝ 14 տարուայ ազատազրկման:

 

Հակառակ      զինեալներու ձեռբակալման եւ անոնց  դէմ  արձակուած  դատական վճիռներուն 27 հոկտեմբերի գործը տակաւին ամբողջութեամբ չէ բացայայտուած:

Նորանակախ  Հայաստանի եւ հայ  ժողովուրդի արդի պատմութեան  մէջ  ցնցիչ դէպք հանդիսացող այդ  սպաննութիւնը ցայսօր ալ  կը շարունակէ  «ծանր բեռ» մնալ ամբողջ  հայութեան ուսերուն:

Այդ   սպանդով  կը գլխատուէր մեր օրերու  հայութեան առաջնորդող    միտքն  ու  մարտական  ոգին եւ  այդ մասին  կը վկայեն այդ  օրերուն  հանրային գործունէութիւն տարած Հայաստանի եւ սփիւռքի  գործիչներէն  շատ շատերը: