image

Նոր Տեսակի Փառատօն Հայաստանի մէջ. «Բացայայտէ Հայաստանը երկինքէն»

Նոր Տեսակի  Փառատօն  Հայաստանի մէջ.   «Բացայայտէ Հայաստանը  երկինքէն»

Երեւանի հիմնադրման 2799 ամեակի ձեռնարկներու ծիրէն ներս Երեւանի քաղաքապետարանը եւ Սքայպոլ ընկերութիւնը կը կազմակերպեն օդագնացութեան միջազգային «Բացայայտէ՛ Հայաստանը երկինքէն» փառատօնը, որ տեղի պիտի ունենայ Հոկտեմբեր 14-17:

Աշխարհի տարբեր երկիրներէ ժամանած օդապարիկները պիտի սաւառնին Երեւանի երկինքը` ստեղծելով հեքիաթային վառ պատկեր:

Սքայպոլ ընկերութեան ներկայացուցիչ Նայիրի Բարսեղեան PanARMENIAN.Net- ին տեղեկացուցած է, որ փառատօնի պաշտօնական բացումը տեղի պիտի ունենայ Հոկտեմբեր 14-ին` Հանրապետութեան հրապարակին վրայ: Օդապարիկները  քանի մը ժամ լուսաւորուած պիտի մնան այնտեղ: Յաջորդ օրը` Հոկտեմբեր 15-ին, առաւօտեան ժամը 07:00-ին եւ երեկոյեան 17:00-ին, Հրապարակէն թռիչքներ պիտի իրականացուին Երեւանի վրայ:

Ամսուն 17-ին թռիչքները պիտի ըլլան Գառնիի շրջակայքին, նոյն օրը երեկոյեան տեղի պիտի ունենայ փառատօնի փակումը:

Թռիչքներուն մասնակցելու համար տոմսեր պիտի չվաճառուին:

Նայիրի Բասեղեանի խօսքով, քանի որ մասնակիցներուն թիւը սահմանափակ է, եւ կազմակերպիչներուն նպատակներէն է լուսաբանել ձեռնարկը, թռիչքներուն հիմնականօրէն պիտի մասնակցին լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ եւ հովանաւորներու ու Սքայպոլի կողմէ կազմակերպուած խաղարկութիւններու արդիւքով շահած քաղաքացիներ:

Փառատօնի հովանաւորներն են «Բերգ» ապրանքանիշն ու AVK ընկերութիւնը: