image

Զոհուած, Մահացած ու Հաշմանդամութիւն Ունեցող Զինծառայողներու Ընտանիքներու Բնակարանային Խնդիրը Մինչեւ Տարեվերջ Պիտի Լուծուի. ՀՀ Պաշտպանութեան նախարար

Զոհուած, Մահացած ու Հաշմանդամութիւն Ունեցող Զինծառայողներու Ընտանիքներու Բնակարանային Խնդիրը Մինչեւ Տարեվերջ Պիտի Լուծուի. ՀՀ Պաշտպանութեան նախարար

ՀՀ կառավարութեան այսօրուան նիստին՝ Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան կառավարութեան հաստատման ներկայացուց Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան առընթեր Հայաստանի Հանրապետութեան ոստիկանութեան «Ճանապարհային ոստիկանութիւն» ծառայութեան արտապիւտճէթային ֆոնտի օգտագործման ուղղութիւն սահմանելու, Հայաստանի Հանրապետութեան 2017 թուականի պետական պիւտճէի մէջ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան 2016 թուականի Դեկտեմբեր 29-ի որոշման մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին որոշման նախագիծը: Նախարարի  խօսքով` այս նախագիծին ընդունումը կապուած է ՀՀ կառավարութեան կողմէն հաստատուած ծրագիրով զոհուած, մահացած ու հաշմանդամութիւն ունեցող զինծառայողներու ընտանիքներու բնակարանային պայմաններու բարելաւման նպատակով:

«Խօսքը տեղադրուած տեսախցիկներու միջոցով արտապիւտճէ հաւաքագրուող գումարներու վերաբաշխումն է, որմով մենք կը լուծենք զոհուած ազատամարտիկներու եւ զինծառայողներու անօթեւան ընտանիքներու բնակարանային խնդիրը, ինչպէս նաեւ` առաջին կարգի հաշմանդամ զինծառայողներու անօթեւան եւ բարելաւման կարիք ունեցող բնակարանային խնդիրը»,- ըսած է ան եւ նշած, որ իւրաքանչիւր տարի պիւտճէթային ծրագիրով կը լուծեն այդ հարցը 500 միլիոն դրամի ծիրէն ներս:

Վիգէն Սարգսեան յայտնեց, որ այս փոփոխութեամբ պիտի կատարեն ՀՀ նախագահի յանձնարարականը եւ մինչեւ տարուան վերջ բոլոր ընտանիքներու բնակարանային խնդիրը լուծուած պիտի ըլլայ: «Յաջորդ տարի այս ծրագիրը պիտի ուղղուի 2-րդ կարգի հաշմանդամութիւն ունեցող զինծառայողներու խնդիրները լուծելու համար»,- ըսած է ան:

Նախագիծին վերաբերեալ վարչապետ Կարէն Կարապետեանը արձագանգեց. «Շատ լաւ գործ է»: