image
Հրատապ լուրեր:

Սուրիահայ երգիչ Արսէն Գրիգորեան ՀՀ Մշակոյթի Նախարարի խորհրդական նշանակուած է

Սուրիահայ երգիչ Արսէն Գրիգորեան ՀՀ Մշակոյթի Նախարարի խորհրդական նշանակուած է

ՀՀ վաստակաւոր արտիստ, երգիչ Արսէն Գրիգորեան նշանակուած է ՀՀ մշակոյթի նախարարի խորհրդական: Նորանշանակ խորհրդականը՝ հասարակական հիմունքներով՝ պիտի կանոնակարգէ ազգագրական երգ-երաժշտութեան ոլորտը: Այս մասին կը հաղորդէ Iravunk.com-ը։

«Մեծ ակնկալիք ունիմ եւ վստահ եմ, որ ան շատ արագ պիտի կանոնակարգէ ոլորտը, ուր ամենամօտ ապագային պիտի արձանագրենք նոր յաջողութիւններ ու ձեռքբերումներ»,- նորանշանակ խորհրդականը նախարարութեան աշխատակազմին ներկայացնելու ժամանակ ըսած է նախարարի պաշտօնակատար Արմէն Ամիրեան:

Իսկ Արսէն Գրիգորեան, իր հերթին, շեշտած է, որ նոր պաշտօնը իրեն համար մեծ պատասխանատւութիւն է. «Շնորհակալ եմ վստահութեան համար, կը կարծեմ, որ աշխատանքին արդիւնքը յառաջիկային տեսանելի պիտի դառնայ: Մենք պէտք է յստակ տարբերակենք` ինչը պէտք է պահել, պահպանել ու հանրահռչակել: Մենք աշխարհին պէտք է ներկայանանք մեր լաւագոյն արժէքներով, խումբերով ու անհատներով: Ամէն զուռնայ նուագող չէ, որ հայ ազգային երաժշտութիւն կը մատուցէ, նոյնն ալ կը վերաբերի տուտուկին, երգին, պարին: Տարազ կրող ամէն խումբ չէ, որ ազգային տարազ կը ներկայացնէ եւ Հայկական պետութիւնը դուրսը ներկայացնելու իրաւունք ունի: Այս ամէնը կանոնակարգելու կարիք կայ», ընդգծած է Արսէն Գրիգորեան: