image

Հակառակորդը 1600 կրակոց արձակած է հայկական դիրքերու ուղղութեամբ

Հակառակորդը 1600 կրակոց արձակած է հայկական դիրքերու ուղղութեամբ

Անցած գիշեր արցախեան սահմանին, հակառակորդը՝ տարբեր հրաձգային զինատեսակներէ՝ հրադադարը խախտած է շուրջ 100 անգամ` հայ դիրքերու ուղղութեամբ արձակելով աւելի քան 1600 կրակոց:

Բացի հրաձգային զինատեսակներէ՝ ատրպէյճանական զինուժը սահմանագիծի արեւելեան ուղղութեամբ կիրառած է նաեւ Դ-44 տիպի հրանօթ (9 արկ), իսկ հիւսիսարեւելեան հատուածին վրայ` 82 միլիմեթրանոց ականանետ (9 արկ):

Հակառակորդին կողմէ հրադադարի խախտման իբրեւ արդիւնք` հայկական կողմը որեւէ կորուստ չէ ունեցած:

ՊԲ առաջապահ զօրամասերը՝ ատրպէյճանական զինուժի նախայարձակ աշխուժութիւնը ճնշելու համար՝ դիմած են պատասխան գործողութիւններու եւ շարունակած իրականացնել մարտական դիրքերու յուսալի պահպանութիւն: