image

Արցախի սահմանադրական փոփոխութիւններուն կողմ քուէարկած են մասնակիցներու 87.6 տոկոսը

Արցախի սահմանադրական փոփոխութիւններուն կողմ քուէարկած են մասնակիցներու 87.6 տոկոսը

Արցախի Հանրապետութեան Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը 21 փետրուարին, ժամը 3:00-ի դրութեամբ հրապարակած է երէկ հանրապետութեան մէջ իրականացուած նոր Սահմանադրութեան հանրաքուէի նախնական արդիւնքները: Այս մասին կը գրէ «Արցախբրէս»ը: 

Ըստ ԱՀ ԿԸՀ հրապարակած արդիւնքներուն, 103 հազար 793 ընտրելու իրաւունք ունեցող քաղաքացիներէն մասնակցած է 79 հազար 428 քաղաքացի, որ կը կազմէ ընդհանուր թիւի 76,44 տոկոսը: Կողմ քուէարկուած քուէաթերթիկներուն թիւը կազմած է 69 հազար 540 կամ ընդանուր քուէարակածներու 87,6 տոկոսը, դէմ քուէարկուած քուէաթերթիկներուն թիւը կազմած է 7 հազար 686 կամ ընդանուր քուէրակածներու 9,7 տոկոսը, անվաւեր քուէաթերթիկներուն թիւը կազմած է 2202 կամ ընդանուր քուէարակածներուն 2,8 տոկոսը: