image

Որոշ մարզերու մէջ ձիւն կը տեղայ. Վանաձոր-Ստեփանաւան ճանապարհը 10-րդ քմ-էն փակ է

Որոշ մարզերու մէջ ձիւն կը տեղայ. Վանաձոր-Ստեփանաւան ճանապարհը 10-րդ քմ-էն փակ է

ՀՀ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ 25 հոկտեմբերի ժամը 21.00-ի դրութեամբ ՀՀ տարածքին ինքնաշարժներու երթեւեկութեան ճանապարհները անցանելի են: Նախարարութիւնը նաեւ կը յայտնէ, որ Վանաձոր-Ստեփանավան ինքնաշարներու երթեւեկութեան ճանապարհի մօտ 10-րդ քմ-ի վրայ խցանում կայ եւ ճանապարհը փակ է:

Դժուարանցանելի են Դիլիջանի եւ Սպիտակի ոլորանները, Վանաձոր-Ստեփանաւան ինքնաշարժներու երթեւեկութեան ճանապարհը:

Սոթք-Քարվաճառ ճանապարհին, Աշոցք-Ամասիա տարածաշրջանը մերկասառոյց է:

Գորիս-Սիսիան, Քաջարան-Մեղրի ինքնաշարժներու ճանապարհները եւ Վարդենեաց լեռնանցքը մառախուղ կայ:

Կոտայքի մարզի Հրազդան, Չարենցաւան, Սիւնիքի մարզի Գորիս, Սիսիան, Կապան, Քաջարան քաղաքներուն մէջ, «Մեղրիի սար» կոչուող հատուածին, Շիրակի մարզի Աշոցք գիւղի մէջ, Գիւմրի, Արթիկ քաղաքներուն մէջ, Լոռու մարզի Վանաձոր, Ստեփանաւան, Սպիտակ, Գեղարքունիքի մարզի Ճամբարակ, Սեւան քաղաքներուն մէջ եւ Տաւուշի մարզի մէջ ձիւն կը տեղայ: