image
Հրատապ լուրեր:

Վարչապետ Թամմամ Սալամ Վերջին Ժամկէտ Տուաւ

Վարչապետ Թամմամ Սալամ Վերջին Ժամկէտ  Տուաւ

Լիբանան-  Լիբանանի  վարչապետ Թամմամ Սալամ  մամլոյ ասուլիս մը  տալով յայտնեց, որ յառաջիկայ  Հինգշաբթի  օր  տեղի ունենալիք   կառավարութեան հերթական նիստը պիտի ըլլայ վերջինը, եթէ   կառավարութիւնը վճռական որոշումներով հանդէս չգայ: Սալամ, որ անընդունելի  համարեց երէկ   տեղի ունեցած դէպքերը  վստահեցուց, որ բոլոր յանցաւորները պատասխանատուութեան պիտի կանչուին: Սալամ նաեւ  ըսաւ, որ  յառաջիկային քննարկուելիք ամէնէն հրատապ  օրակարգը  երկրի աղբահանութեան տագնապի լուծումն է: Յիշեցնենք, որ երէկ երեկոյեան  տեղի ունեցած  բախումները  պատճառ դարձած էին տասնեակ  ցուցարարներու  վիրաւորման:   Աղբի խնդրի լուծման համար կազմուած      քաղաքացիական   միաւորումը որոշած էր  վրաններ  լարել եւ          Պէյրութի  գլխաւոր հրապարակին վրայ մնալ մինչեւ, որ  կառավարութիւնը խնդրին  լուծումներ   գտնէ: