image
Հրատապ լուրեր:

Թուրքեր Հակահայ Ցոյց Պիտի Ընեն Նիւ Եորքի Մէջ

Թուրքեր Հակահայ Ցոյց Պիտի Ընեն Նիւ Եորքի Մէջ

Թուրքեր 24 ապրիլին ցոյց պիտի ընեն Նիւ Եորքի մէջ: Այս մասին  տեղեկութիւնը տրուած է թրքական «Միւլլիյէթ»ը: Ըստ պարբերականին, Նիւ Եորք բնակող թուրքեր հերթական հակահայ ցոյց մը պիտի կատարեն Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակման օրը ՝ 24 ապրիլին: Ցուցարարները այս առթիւ պատրաստած են հակահայ գրութիւններ պարունակող պաստառներ եւ իրենց ցոյցին տուած են «Կեցցէք»  խորագիրը:  Կը  նշուի նաեւ, որ հակահայ այս ցոյցը անցեալ տարի եւս կայացած էր Նիւ Եորքի մէջ: