image

Մէրալ Պէշթաշի Կարծիքով «Թուրքիան Դէպի Քաոս Կ'երթայ»

Մէրալ Պէշթաշի Կարծիքով  «Թուրքիան Դէպի Քաոս  Կ'երթայ»

 Թուրքիա-    HDP կուսակցութեան  Տիարպէքիրի   փոխ նախագահ     Մէրալ  Տանըշ  Պէշթաշի կարծիքով Թուրքիան  այս ընթացքով համընդհանուր քաոսի  մը կ'երթայ: Պէշթաշ այս կարծիքը  յայտնած է   Պոլիս հրապարկուող  «Ակօս»ի լրագրողներուն: Ան նաեւ ըսած է, թէ   թուրքիոյ նախագահին եւ անոր վարչախումբին    առած քայլերը երկիրը  կրնան  քաոսի  առաջնորդել: Իր կարգին  Տիարպէքիրի   երեսփոխան Չաղլար Տէմիրէլ (HDP)երկրի   քրտաբնակ տարբեր նահանգներուն մէջ  առկայ  իրավիճակը  համարած է շատ ծանր  ըսելով նաեւ, որ   տեղի կ'ունենան կամայական ձերբակալութիւններ: Ան խօսած է յատկապէս  Տիգրականերտ շրջանին մասին (ներկայ անուանումով ՝ Սիլվան   - «Ակօս») , ուր   Տէմիրէլի ըսելով  շրջանին մէջ քաոսային իրավիճակ  մը կը տիրէ «Ինքնաշարժները այրուած են եւ տուները   ռմբակոծուած: Կը  փորձեն    այսպիսի  մեթոտներով  ժողովուրդը  ճնշումի տակ պահել եւ սարսափի մթնոլորտ տարածել»  ըսած է  Տէիմիրէլ   նկատել տալով, որ կամայական ձերբակալութիւններու մասին   որոշումը  կը տրուի ուղղակի   Էրտողանի կողմէ:  Թերթը նաեւ կը  նշէ, որ Վարդո, Ճիզրէ, Եիւքսէքկէօլ եւ  այլ քրտաբնակ նահանգներ   յայտնուած են տագնապալի  վիճակի մը առջեւ:   «Ակօս» նաեւ  զրուցած է    փորձագէտ Ճէնկիզ Չանտարին  հետ, որուն կարծիքով  այս բոլորը կը կատարուին սատարելու  երկրի նախագահի   շահերուն ու քաղաքական ծրագրին: Ան այս առումով ըսած է, որ քրտամէտ    HDP կուսակցութիւնը    պէտք է  զգօն եւ արթուն ըլլայ եւ   չիյնայ   իշխանութիւններուն կողմէ անոր դէմ լարուած   ծուղակին մէջ: Վերլուծաբանը նկատել տուած է, թէ Վարդոյի,  Ճիզրէի, Տիգրանակերտի, Եիւքսէքկէօլի  եւ այլ շրջաններու մէջ իրավիճակը  ծանր են  եւ անմարդկային:   Այս բոլորը կը կատարուին  HDP-ն ծուղակի մէջ ձգելու համար եւ   անոնք զգոյշ պէտք է ըլլան այս առումով»: