image

Նոր Նշանակում Գանատայի Թեմէն Ներս. Տ. Սուրէն Արք. Գաթարոյեան Հայրապետական Ներկայացուցիչ Նշանակուեցաւ

Նոր Նշանակում Գանատայի Թեմէն Ներս. Տ. Սուրէն Արք. Գաթարոյեան Հայրապետական  Ներկայացուցիչ Նշանակուեցաւ

Մեծի  Տանն Կիլիկիոյ  Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ.  Արամ Ա. Վեհափառ  Հայրապետի  կարգադրութեամբ     Տ. Սուրէն  Արք.  Գաթարոյեան   նշանակուած է  Գանատայի Թեմի Հայրապետական Ներկայացուցիչ` մինչեւ թեմակալ Առաջնորդի  յառաջիկայ ընտրութիւնը:  Այս մասին տեղեկութիւնը կը փոխացուի   Գանատայի  Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի դիւանին   կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեամբ մը: Հաղորդագրութեան  մէջ   կը  նշուի  նաեւ, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Գահակալ Կաթողիկոս, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ, 16 փետրուար 2016 թուակիր նամակով ընդունած  է Գերաշնորհ Տ. Մեղրիկ Սրբ. Եպս. Բարիքեանի հրաժարականը Թեմակալ Առաջնորդի պաշտօնէն: Սրբազանը իր հրաժարականը ներկայացուցած էր 30 հոկտեմբեր 2015 թուակիր նամակով: Յիշեցնենք, որ  Տ.  Սուրէն Արք. Գաթարոյեան  երկար  տարիներ     եղած է Բերիոյ թեմի   բարեջան  Առաջնորդ: