image

Երուսաղէմի Պատրիարքին «Մութ» Այցելութիւնները Պոլիս.«Ժամանակ»

Երուսաղէմի Պատրիարքին «Մութ» Այցելութիւնները Պոլիս.«Ժամանակ»

Պոլսոյ «Ժամանակ»  օրաթերթը  այսօրուան իր թիւին մէջ գրած է    Երուսաղէմի   Պատրիարք Տ. Նուրհան Արք.   Մանուկեանի    դէպի Պոլիս  տուած  հերթական   այցելութիւններուն  մասին: Թերթը    հարցականներ տուած է Պատրիարք հօր  Պոլիս տուած  այցելութեանց առընթեր, նկատել տալով, որ    մինչեւ այս պահը   ոչ ոքի  յայտնի են անոր   այցերուն իսկական  բնոյթն ու նպատակները:  Ըստ թերթին,  առաջին անգամը չէ, որ Պատրիարք հայրը կը բացակայի Երուսաղէմէն  շրջանի մը, ուր   մեր եկեղեցւոյ  գլխաւոր տօներէն մէկը   պիտի նշուի, ինչպէս նաեւ Երուսաղէմի  Սուրբ Աթոռը պիտի մտնէ  քառասնօրեայ Պահքի շրջան:  Մէկէ աւելի աղբիւրներ աւելի  վաղ խօսած են   Պատրիարք հօր Թուրքիոյ իշխանութիւններուն հետ ունեցած   «բանակցութեանց» մասին՝  կապուած   ՝Երուսաղէմի    Աթոռի Թուրքիոյ տարածքին  ունեցած հողամասերուն  եւ կալուածներուն: Երեւելի է  նաեւ, որ  Հայ եկեղեցւոյ բարձրագոյն պատասխանատուներուն միջեւ այս օրակարգին  հետ կապուած    համագործակցութեան եւ համադրումի      ճիգը կը բացակայի: Յիշեցնենք, որ անցնող  օրերուն     Սուրբ Էջմիածնի մէջ կը գումարուէր    Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Խորհուրդի նիստ, ուրուն իր մասնակցութիւնը կը բերէր   Պոլսոյ   պատրիարքական ընդհանուր տեղապահ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանը: Այստեղ լռելեայն կը   հասկնանաք, որ  Երուսաղէմի Պատրիարք հօր եւ Ամենայն Հայոց  Կաթողիկոս Գարեգին Բ.ն Հայրապետին միջեւ յարաբերութիւնները         դրական    շրջագիծէն դուրս են: